Մակնիւս Քարլսըն` Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին հրաւէրով, նախորդ շաբաթավերջին աշխարհի ճատրակի ախոյեան եւ «ՖԻՏԷ»-ի միջազգային ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն ժամանեց Երեւան:
Քարլսըն այցելեց Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տուն, ուր նախքան հայ պատանիներու հետ ճատրակ խաղալը, յարգանքի տուրք մատուցեց Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին:
Քարլսըն ճատրակի մրցումներ (պլից) խաղցաւ նաեւ մեծերու դէմ, որոնց կարգին էր Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան անդամ Տաճատ Վարդապետեան:
Վարդապետեան, որ յաղթեց Քարլսընի, իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ըսաւ, որ այս մրցումը եւ անոր յաջորդած յաղթանակը իր կեանքին ամէնէն երջանիկ եւ անմոռանալի պահերէն պիտի ըլլան:
Մասնակցողներուն կարգին էին նաեւ պատգամաւորներ Սամուէլ Ֆարմանեան եւ Արայիկ Յովհաննիսեան:
Քարլսընի այս այցելութեան այլ մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:

