Ժերար. «Ներկայիս Չեմ Մտածեր Միջազգային Ասպարէզէն Հեռանալու Մասին»

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Սթիւըն Ժերար իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ներկայիս ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզը լքելու մասին չի մտածեր, հակառակ անոր որ իր կազմը Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալին ոչ համոզիչ արդիւնք արձանագրելով չկրցաւ Ա. հանգրուանէն յաջորդ հանգրուան հասնիլ:

«Մարզիչ Ռոյ Հոճսընի հետ խորհրդակցելով` մտածեցի ներկայ հանգրուանին այդ ուղղութեամբ չմտածել: Ատոր մէջ պիտի չաճապարեմ: Այժմ, ամառնային արձակուրդիս պիտի սկսիմ, որմէ ետք թերեւս այդ գծով որոշեմ ապագայի ծրագիրս», ըսաւ Լիվըրփուլի 34 տարեկան միջնապահը:

Share this Article
CATEGORIES