«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Բացում` 300 Մանուկներու Մասնակցութեամբ

2506kara1Չորեքշաբթի, 25 յունիս 2014¬ին «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ համախմբուեցան աւելի քան 300 մանուկներ` կատարելու Ամառնային դպրոցի ութերորդ տարեշրջանի բացումը:

Բացումին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Ղազար վրդ. Պետրոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամ տոքթ. Ռոբովթ Չորպաճեան, հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, «Փոնթիֆիշըլ միշըն»-ի Լիբանանի պատասխանատու Քամալ Ապտել Նուր եւ Մարլեն Քոնսթանթին, «Եու. Էն. Էյչ. Սի. Ար.»-ի Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ներկայացուցիչ Խալետ Մահկուպ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, ծնողներու հոծ բազմութիւն մը եւ բարեկամներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ վեր առաւ հաստատութեան տարած մարդասիրական աշխատանքները, յատկապէս մանուկներու նկատմամբ ունեցած իր լայն ծառայութիւնները:

Ան շեշտը դրաւ Մանուկներու իրաւունքներուն վրայ եւ ըսաւ. «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը բոլորիս տունն է, յատկապէս հայ մանուկներուն: Մենք պիտի փորձենք եւ աշխատինք ձեզի համար, որովհետեւ մանուկին իրաւունքն է ունենալ խաղաղ ամառ` լեցուն դաստիարակչական  խաղերով: Այսօր ուրախ ենք, որ մեր հաստատութեան մէջ կ՛ընդունինք աւելի քան 300 մանուկներ եւ 35 ուսուցիչներ` տարբեր մասնագիտութիւններով, ինչպէս նաեւ յատուկ այս ծրագիրին համար Միացեալ Նահանգներէն ժամանած անգլերէնի դասատուներ»:

Ան յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ են «Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ անոր գործունէութեան:

Օհանեան ապա բեմ հրաւիրեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանը, որ ուրախութիւն յայտնեց ի տես այն խանդավառութեան եւ  ժրաջան աշխատանքին, որ ցուցանիշն է գործին հանդէպ պատասխանատուներուն ունեցած հաւատքին ու նուիրումին:

2506kara2Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ ինք ներկայ է ո՛չ թէ երեսփոխանի իր հանգամանքով, այլ որովհետեւ կ՛ուզէ հարստանալ եւ բարձրանալ հաստատութեան տուած ճառագայթող ուժէն, բարձրանալ երեխաներուն ժպիտէն եւ հաւատալ, որ ժողովուրդը, ազգը, ինչ ալ պատահի, մէկ բռունցք է եւ իրարու օժանդակող:

Ան ըսաւ, որ ամառնային դպրոցը իր տարբեր նպատակներուն կողքին նաեւ մանուկն ու պատանին դուրս կը բերէ փողոցի վտանգներէն, զանոնք կը համախմբէ հայկական միջավայրի մէջ, հաճելի պահերուն զուգահեռ զիրենք եւ իրենց ընտանիքներուն կու տայ հայօրէն գոյատեւելու կարելիութիւն:

Անդրադառնալով «Գարակէօզեան» հաստատութեան բարեսիրական ծրագիրներուն` Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ ամէն մարդ կրնայ բարեսիրութիւն ընել, բայց երբ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը կ՛ընէ այդ մէկը նպատակադրուած ձեւով, կ՛ընէ հայ ընտանիքին պահպանման եւ հայ ժողովուրդին գոյատեւման ի խնդիր:

Աւարտին իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ բարձրօրէն գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տարած մարդասիրական եւ ազգանպաստ աշխատանքը, յատկապէս մանուկներու հանդէպ ցուցաբերած իր անսակարկ նուիրումը եւ ըսաւ. «Ես ալ իմ կարգիս իմ խնդակցութիւնս կը յայտնեմ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար, որուն բանալին պրն. Սերոբն է, իր ժրաջան աշխատանքով եւ պրպտող միտքով ու սրտով»:

Ան հաստատեց, որ ներկայիս մեր երեխաները գուրգուրանքի, առաջնորդութեան, ցուցմունքի, խրատներու կարիք ունին, բայց մանաւանդ` գիտութեան, որպէսզի կարենան նուաճել բարձունքներ:

Աւարտին ի նշան մանուկներու անմեղութեան թռցուցին գունաւոր փուչիկներ, ապա մէկ ժամուան տեւողութեամբ մանկական աշխարհին հարազատ կերպարները միանալով մանուկներուն հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

 

Share this Article
CATEGORIES