Պըրրի Ընդունեց Սամիր Մուքպելը

Մուքպել եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահը Լիբանանը յուզող հարցերուն յարմարագոյն լուծումները կը ներկայացնէ:
Մուքպել նշեց, որ Պըրրիի հետ խորհրդակցած է բանակի զինումին եւ անոր կարողութիւնները բարելաւելու մասին` աւելցնելով, որ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հզօրացումը կը նպաստէ երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդումին, յատկապէս շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւններուն առումով:
«Իբրեւ պաշտպանութեան նախարար կը հաստատեմ, որ Լիբանանի կացութիւնը կայուն է եւ մտահոգուելու կամ վախնալու ոչ մէկ պատճառ կայ», ըսաւ Մուքպել:

