Պէյրութ. Ռաուշէի «Տիւրոյ» Պանդոկին Մէջ Անձնասպանական Գործողութեան Հեղինակ Մը Ինքզինք Կը Պայթեցնէ
Մէկ շաբթուան մէջ երրորդը… Անակնկալներու կամ նուաճումներու մասին չէ խօսքը, ոչ ալ քաջագործութիւններու կամ հերոսական արարքներու, այլ` ահաբեկչութեան, պայթումներու, անձնասպանական գործողութիւններու եւ անոնց յաջորդող սովորական «արարողութիւններուն», սկսեալ` պայթումին վայրի շրջափակումէն, հասնելով մինչեւ փրկարար աշխատանքները, պետական անձնաւորութիւններուն դէպքի վայր ժամանումը, ապա զոհերու եւ վիրաւորներու վերջնական թիւի յայտարարութիւնն ու վերջապէս դատապարտումի ալիքի բարձրացումը:
Այս բոլորին վարժ, սակայն այս բոլորը իր ազգային աւանդը չնկատող լիբանանցի քաղաքացին, երէկ դարձեալ ինքզինք գտաւ պատկերասփիւռի կայանները ողողած նոյնանման տեսարաններու դիմաց:
Երէկ երեկոյեան ժամը 7:33-ին, Ռաուշէի «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ արձանագրուեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որ պատճառեց 11 վիրաւոր:
Պայթումը, որ հետեւանք է անձնասպանական գործողութեան, գործուեցաւ «Տիւրոյ» պանդոկին երրորդ յարկին վրայ, երբ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերէն խմբակ մը ներխուժեց պանդոկ:
Անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ականուած գօտիի մը միջոցով անմիջապէս ինքզինք պայթեցուցած էր, երբ
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու խմբակը բացած էր անոր սենեակին դուռը:
Աւելի ուշ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ «Տիւրոյ»-ի անձնակազմին մաս կազմող անհատ մը իմացուցած է անձնասպանական գործողութեան հեղինակը` պանդոկին մէջ ապահովական կառոյց մը ներկայացնող ուժերու գոյութեան մասին:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կրցան իրենց վիրաւոր ընկերները` Թարեք Տիքան եւ Հուսամ Հիժազին դուրս բերել պանդոկէն եւ զանոնք փոխադրել Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոց:
Անձնասպանական գործողութեան հեղինակը` Ապտել Ռահման Համիքի (ծնեալ` 1994-ին), սէուտցի քաղաքացի մըն է:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը պայթումին կից գտնուող սենեակին մէջ ձերբակալեցին երկրորդ ահաբեկիչը, որ վիրաւորուած էր. ան 1995-ի ծնունդ սէուտցի մըն է, որ կը կոչուի Ահմետ Ապտել Ռահման Սուէյնի:
Պայթումին վայրը ժամանեց Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր, որ յայտնեց, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու երեք անդամներ վիրաւորուած են:
Իր կարգին, Լիբանանեան կարմիր խաչի տնօրէն Ժորժ Քըթթանէ յայտնեց, որ Ռաուշէի պայթումը պատճառած է 11 վիրաւոր, որոնցմէ եօթն` քաղաքացիներ, իսկ չորսը` Ընդհանուր ապահովութեան ուժեր:
Նշենք, որ «Տիւրոյ» պանդոկին շրջակայքը գտնուեցաւ պայուսակ մը, որ ականներ կը պարունակէր:
Դատախազ Սաքըրի հրահանգով բանակի սակրաւորները վնասազերծեցին պայուսակին մէջ գտնուող եւ 7 քիլոկրամ կշռող լարուած ականները:
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը «Տիւրոյ» պանդոկին մօտակայքը գտնուող պանդոկները, ինչպէս նաեւ Համրայի մէջ գտնուող կարգ մը պանդոկներ եւ Քարաքասի մէջ բնակարան մը խուզարկեց, առանց սակայն կասկածելիներ կամ ահաբեկչական այլ որջեր բացայայտելու:
Ապահովութեան ուժերը նաեւ «Սահա», «Կալերիա» եւ «Մարիոթ» պանդոկներուն մէջ խուզարկումներ կատարեցին եւ ձերբակալեցին սուրիացիներ ու սէուտցիներ:
Մինչ ապահովութեան ուժերը կը շարունակէին ապահովական իրենց առաքելութիւնը, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը յայտնեց, որ դեսպանատունը լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար կը ստուգէ անձնասպանական գործողութեան հեղինակին իսկական ինքնութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան կրնայ կեղծուած անձնաթուղթ օգտագործած ըլլալ:
Պայթումին վայրը հասաւ նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ յայտնեց, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կրցած են բացայայտել ահաբեկիչը, որ իր գործողութիւնը պիտի կատարէր այլ վայրի մը մէջ:
Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ուղղուեցաւ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոց, ուր այցելեց վիրաւոր զինուորականներուն:
Հիւանդանոցէն կատարած իր հակիրճ յայտարարութեան մէջ Իպրահիմ շեշտեց, որ իրենք կարիք չունին մեկնաբանութիւններու կամ իրենց առաքելութիւնը կատարելու դասեր տուող անհատներու:
Ան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը թիրախ կը դարձնէ ամբողջ Լիբանանը եւ ոչ թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը:
«Ո՛վ որ իր պարտականութիւնը կը կատարէ, ահաբեկչութեան թիրախ կը նկատուի, իսկ մենք մեր աշխատանքին մասին տրուած դասերու կարիք չունինք», ըսաւ ան:
Ռաուշէի պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց «Ահրար սուննա-Պաալպեք» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որ թուիթըրեան իր յայտարարութեամբ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Իրաքի մէջ Մալիքիի բանակին դէմ արձանագրուած յաղթանակները ամբողջ աշխարհի ժիհատականները կը խրախուսեն:
«Մեր օրհնեալ գործողութիւնները պիտի չխնայեն Հըզպալլան եւ խաչապաշտ բանակը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնց թիրախ կը դարձնեն ազատ ժիհատականները», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
«Ահրար սուննա-Պաալպեք» կազմակերպութիւնը աւելցուց նաեւ, որ այլ ժիհատականներ կրցած են փախուստ տալ նահատակութեան վայրէն:
Լիբանանի ֆրանսական դեսպանատունը դատապարտեց ահաբեկչական այս արարքը եւ զօրակցութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարող լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց ապահովական կառոյցներուն եւ բանակին, որոնք կը պայքարին ահաբեկիչներուն դէմ: Ան շեշտեց, որ իսլամ կրօնը ոչ մէկ կապ ունի նման ահաբեկիչներու եւ ահաբեկչական արարքներու հետ եւ կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն ամէնուրեք հարուածելու ահաբեկչութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ Հարիրի ուշ երեկոյեան Փարիզի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:

