Արցախի Մէջ. Յովիկ Աբրահամեան Հանդիպում Ունեցաւ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ
Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր իր նստավայրին մէջ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ Աբրահամեան նախ դռնփակ հանդիպում ունեցաւ Սահակեանի հետ, որուն յաջորդեց ընդլայնուած ձեւաչափով հանդիպումը Հայաստանի կառավարական պատուիրակութեան անդամներուն հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ բազմաբնոյթ համագործակցութեան ընթացքը եւ անոր խորացման հեռանկարները:
Աբրահամեան գոհունակութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն հետ քննարկումներու արդիւնքներուն համար` տեղեկացնելով, որ արծարծուած են երկու կողմերը ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր, ձեռք բերուած են որոշակի համաձայնութիւններ:
«Յովիկ Աբրահամեան շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ընէ առաւելագոյնը` Արցախի անվտանգութիւնն ու տնտեսական զարգացումը ապահովելու համար», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Երկու կողմերը ընդգծեցին համագործակցութեան եւ կապերու շարունակական ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ հայկական երկու հանրապետութիւններու համաչափ տնտեսական զարգացման կարեւորագոյն նախապայման:
Հանդիպումէն ետք Յովիկ Աբրահամեան եւ Բակօ Սահակեան շրջագայած են մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղ աշխատանքային այցելութեան առաջին օրուան աւարտին ամփոփելով հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքները` Հայաստանի վարչապետը լրագրողներուն յայտնեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ բոլոր մարզերուն մէջ Արցախի հզօրացման համար: «Ատիկա մեզի համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ», ընդգծեց Աբրահամեան:
Այցելութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի
Բանակի Առաջնային Գիծ
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի բանակի առաջին գիծ` պետական սահմանագիծը պահող պաշտպանական տեղամասերէն մէկը:
Ան հանդիպեցաւ մարտական դիրքի վրայ ծառայող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն, շրջանային այցելութիւն կատարած մարտական յենակէտին մէջ, ծանօթացաւ ծառայութեան եւ կենցաղային պայմաններուն, ճաշեց զինուորական ծառայողներու հետ, նուէրներ յանձնեց մարտական յենակէտը պաշտպանող բոլոր զինուորական ծառայողներուն: Մարտական առաջին գիծի վրայ ծառայութիւնը աւարտած երկու զինուորներ զօրացրուած են եւ Յովիկ Աբրահամեանի առաջարկով իրեն հետ վերադարձած են տուն:
Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը բարձր գնահատեց զինուորներուն մարտական պատրաստակամութիւնը եւ հոգեբանական վիճակը, ինչպէս նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց զինուորներուն կենցաղային պայմաններուն եւ սնունդին համար:
«Ծառայութիւնը այս վտանգաւոր մարտական դիրքին վրայ, երբ քանի մը հարիւր մեթր անդին թշնամիի արձակազէններն են, մեծ զգուշութիւն կը պահանջէ զինուորներէն: Համոզուած եղէք, որ մեր հայրենիքի պաշտպաններուն նկատմամբ մնայուն ուշադրութիւնը, ուսուցողական աշխատանքը, վստահութեան ձեւաւորումը շարունակական պիտի ըլլան», ըսաւ Աբրահամեան` կարեւոր նկատելով պետական բարձրաստիճան այրերու պարբերական այցելութիւնները մարտական դիրքեր: «Զինուորը պէտք է հասկնայ, որ իր թիկունքին կայ պետութիւն, կայ ժողովուրդ, որ կը գնահատէ իր ծառայութիւնը, ազգանուէր գործը», նշեց ան:
Այնուհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այցելեց Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի N զօրամաս, զրուցեց զինուորներուն եւ սպայական անձնակազմին հետ, ծանօթացաւ ծառայողական եւ կենցաղային պայմաններուն:
«Բոլորդ պէտք է հասկնաք, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը կը սկսի Արցախի անվտանգութենէն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ: Համոզուած եղէք` մենք ձեր կողքին ենք եւ բարձր կը գնահատեմ ձեր ծառայութիւնը», յայտարարեց Աբրահամեան:
Պաշտպանական դիրքեր այցելութեամբ աւարտեցաւ վարչապետի աշխատանքային այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ:

