Հայկական Ֆութպոլ. Արսէն Բեգլարեան Պիտի Մասնակցի «Եուրոփա Լիկ»-ին
Ինչպէս արդէն ծանօթ է, Գանձասար Կապան իր պայմանագրութիւնը խզեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Արսէն Բեգլարեանի հետ:
Շիրակ երիտասարդ բերդապահին հետ ստորագրեց պայմանագրութիւն մը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէր 1 օգոստոսէն սկսեալ: Այս դէպքով Բեգլարեան իրաւունք չէր ունենար մասնակցելու «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն: Սակայն, Շիրակ վերաքննելէ ետք այդ պայմանագիրը, յայտնեց, որ անիկա ուժի մէջ մտաւ 23 յունիսէն սկսեալ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան պիտի մասնակցի եւրոպական վերոնշեալ մրցաշարքին, կը յայտնէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

