Աթլեթիզմ. 26-28 Յունիսին` Լիբանանի Անհատական Ախոյեանութիւնը
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ 26-28 յունիսին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի աթլեթիզմի անհատական 2014-ի ախոյեանութեան բաց մրցումները:
Իւրաքանչիւր մարզիկի կամ մարզիկուհիի արտօնուած է մասնակցիլ մէկէ աւելի մրցումներու, իսկ իւրաքանչիւր միութիւն կրնայ մէկէ աւելի մարզիկով եւ մարզիկուհիով մասնակցիլ մրցումներուն:
Այս ախոյեանութեան կրնան մասնակցիլ միայն այն մարզիկները, որոնց անունները նախապէս արձանագրուած են: Անուններու արձանագրութենէն ետք ոեւէ մարզիկի փոփոխութիւն կարելի չէ կատարել:
CATEGORIES Մարզական

