Պայնըր Մտադիր Է Օպամայի Դէմ Դատական Հայց Յարուցել

Պայնըր եւ Օպամա
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պայնըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ մտադիր է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի դէմ դատական հայց յարուցել` իր լիազօրութիւնները շրջանցելուն համար:
Պայնըր ըսաւ. «Սահմանադրութիւնը յստակ կերպով կը նշէ, որ նախագահին պարտականութիւնը օրէնքները յանձնառութեամբ գործադրելն է, սակայն, ըստ իս, նախագահը օրէնքները յանձնառութեամբ չգործադրեց»:
Ան նշեց. «Քոնկրեսը գործադրելիք պարտականութիւն մը ունի, նոյնն է պարագան նախագահին, եւ երբ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն միջեւ այսպիսի տագնապներ գոյութիւն ունին, ապա ըստ իս, մեր պարտաւորութիւնն է պաշտպանել այս հաստատութիւնը, որուն կը ծառայենք»:
Պայնըր հերքեց, որ իր քայլը Քոնկրեսի ընտրութեան տարուան մէջ քաղաքական խուսանաւում մըն է: «Այս քայլը Ամերիկայի նախագահը պաշտօնազրկելու ենթահող պատրաստելու համար զինք թերացումով ամբաստանելը չէ, այլ` ամերիկեան օրէնքը գործադրելու փորձ մը», ընդգծեց Պայնըր:

