Թուրքիա Հայաստանէն Եւ Սփիւռքէն «Յանդուգն Քայլեր»-ու Կը Սպասէ

Տաւութօղլու եւ Նալբանդեան
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թրքական քաղաքականութեան եռամսեայ պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրած է, որ Թուրքիա կը հաւատայ, թէ Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը պիտի ընտրեն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ապրիլին առած քայլին նման «յանդուգն քայլեր» կատարել` աւելցնելով, որ եթէ ատիկա տեղի ունենայ, հայ-թրքական յարաբերութիւնները «նոր ժամանակաշրջան» մը մուտք պիտի գործեն:
Ան գրած է, որ Էրտողանի յայտարարութիւնը ապագայ քայլերու հիմնաքարը պէտք է ըլլայ: «Էրտողանի ցաւակցական պատգամը պէտք չէ նկատել պատահական քայլ մը: Պէտք է զայն նկատել մտքերու եւ յիշողութեանց փոխակերպման ներածական մը, որովհետեւ ասիկա ոչ միայն ցաւակցութիւն է, այլ նաեւ յարատեւ խաղաղութեան վրայ հիմնուած հասարակաց ապագայի ապահովման համար բոլոր կողմերուն ուղղուած անկեղծ հրաւէր մը», գրած է Տաւութօղլու:
«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ նոր եւ աւելի հիմնաւորուած խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը պիտի սկսի, եթէ մտաւորականներ եւ քաղաքագէտներ երկու կողմերուն միջեւ հոգեբանական պատուարները յաղթահարելու եւ արդար յիշողութիւն մը կառուցելու համար իրենց ներդրումը ունենան: Այլապէս` երկու կողմերն ալ անխուսափելի կերպով պիտի շահագործուին անոնց կողմէ, որոնք սթաթիւս քոյէն սնող մարզէ մը շահ կ՛ապահովեն», աւելցուցած է ան:
«Առնչակից երկու պատմութեանց եւ ժողովուրդներուն դէմ գործուած մեծագոյն անարդարութիւնը մէկդի դնելն է երկու ժողովուրդներուն հասարակաց պատմութիւնն ու նախորդ հարուստ դարերը, եւ փոխարէնը սկսիլ միայն պատերազմի եւ տագնապի նման վիրային դէպքերէն, կամ նախորդ դարերը կառուցել այդ վիրային դէպքերը դարձնելով ամէն ինչի կեդրոնը», գրած է Տաւութօղլու` աւելցնելով. «1915-ի դէպքերուն շուրջ ստեղծուած «անարդար յիշողութիւնը» այս երեւոյթին ամէնէն կարեւոր օրինակը կը կազմէ, որովհետեւ թուրքերու եւ հայերու հասարակաց անցեալն ու ապագան գրաւի տակ կ՛առնէ»:
«Արդար յիշողութեան» գաղափարը, որ մենք այդ հոլովոյթին ընթացքին յաճախ օգտագործած ենք, կենսական կարեւորութիւն ունի: Որպէսզի թուրքերն ու հայերը իրենց իւրաքանչիւրին փորձառութիւնը հասկնան, կենսական է, որ յարգեն իրարու յիշողութիւնը: Հայերուն համար 1915-ը վերաբնակեցման տարի մըն էր, որուն ընթացքին չափազանց մեծ ողբերգութիւններ պատահեցան: 1915-ին նախորդող եւ յաջորդող տարիները եւս Անատոլուի թուրքերուն համար մեծ աղէտներու ժամանակաշրջան մըն էր: Այդ ժամանակ էր, երբ թուրքերը Պալքանեան պատերազմներուն մէջ կենաց մահու կռիւ մղեցին` Չանաքքալէի մէջ եւ անկախութեան պատերազմին ընթացքին: Իրողութեան մէջ ասիկա «հասարակաց ցաւ»-ի ժամանակ մըն էր», կը գրէ ան:

