2014-ի Մոնտիալ. Մեսսիի Մեծ Հայրը Տպաւորուած Չէ Իր Թոռնիկին Խաղէն

Antonio cuccitiniԱրժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի մօրենական մեծ հայրը` Անթոնիօ Քուչիթինի, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ ֆութպոլիստը այդքան ալ լաւ խաղ մը չցուցադրեց Նիկերիոյ դէմ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի մրցումին:

«Անկեղծ մարդ մըն եմ եւ կը խօսիմ ճշմարտութիւնը: Մեսսիին չեմ տեսներ այդքան զօրաւոր, քան ինչ որ էր նախապէս: Սպանիոյ մէջ անոր ներկայացումները աւելի լաւ էին եւ անոր յարձակումները աւելի մտահոգիչ սպանական խումբերուն պաշտպանողական գիծին մարզիկներուն համար, քան այժմ, ինչ որ կը տեսնենք Պրազիլի մէջ», անոր խօսքերը կը մէջբերէ սպանական «Մարքա» օրաթերթը:

Share this Article
CATEGORIES