Եուրա Մովսիսեան Ազատեցաւ Պարտադիր Զինուորական Ծառայութենէն

2606yura-1Tert.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ հինգշաբթի, 26 յունիսին, Հայաստանի կառավարութիւնը իր գումարած նիստին ընթացքին որոշում տուաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանը ազատ կացուցելու պարտադիր զինուորական ծառայութենէն:

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան այս որոշումը արդարացուց Եուրա Մովսիսեանի` հաւաքականի յառաջատար մարզիկ ըլլալուն հանգամանքով:

Նախարարը ըսաւ. «Նկատի ունենալով, որ Եուրա Սերկէյի Մովսիսեան իր 27 տարին կը բոլորէ 2 օգոստոս 2014-ին, կարելի չէ զայն պարտադիր զինուորական ծառայութեան ղրկել եւ կամ երկարաձգել ժամկէտը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է Մովսիսեանը զերծ կացուցել զինուորական ծառայութենէն»:

Share this Article
CATEGORIES