«Ո՛Չ» Ըսենք Թմրամոլութեան Մասնակցինք Թմրամոլութեան Դէմ Մինի Մարաթոնին

2806HagopLadoyanԱմէն տարի 26 յունիսին աշխարհին մէջ կը նշուի թմրամոլութեան դէմ պայքարի միջազգային օրը: Թմրեցուցիչը հաւաքականութիւններու կործանումին ամբողջական եւ ահաւոր սպառնալիք է, որովհետեւ կը կործանէ անհատներ, ընտանիքներ, ընկերութիւնն ու տնտեսութիւնը:

Ամբողջ աշխարհին մէջ մեծ ճիգ ի գործ կը դրուի թմրեցուցիչի գործածութեան եւ անոր մոլին դառնալու դէմ պայքարելու համար:

Լիբանանահայ մակարդակի վրայ եւս երկար ճամբայ անցած է թմրամոլութեան դէմ արշաւը, զոր կը կատարէ «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ նախզգուշական գրասենեակը:

Այս տարի այդ ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Միասնաբար վազենք թմրամոլութեան դէմ» խորագիրը կրող մինի մարաթոն մը, կիրակի, 29 յունիսին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:

Ստորեւ կը հրատարակենք «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ նախզգուշական գրասենեակի պատասխանատու Յակոբ Լատոյեանին հետ այս առիթով կատարուած հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.¬ Ինչո՞ւ կարիք զգացուեցաւ թմրամոլութեան աւերիչ երեւոյթին դէմ պայքարի միջազգային օր հռչակելու:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ.- Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը 1987 թուականին որոշեց  թմրամոլութեան միջազգային օր մը ճշդել, յատկապէս այն պատճառով, որ թմրամոլութիւնը 1987-էն սկսեալ տարիէ տարի աւելի զգալի դարձաւ` թէ՛ հարուստ, թէ՛ աղքատ երկիրներու մէջ: Արագ տարածուող եւ սերունդներ քանդող երեւոյթը բնականաբար միջազգային ահազանգային մթնոլորտ մը ստեղծեց եւ 1987-էն ի վեր յունիս 26-ը դարձաւ թմրամոլութեան դէմ պայքարի միջազգային օր, երբ կը յիշուին նաեւ թմրամոլութեան զոհերը, որոնք խորքին մէջ զոհ չեն, ոչ ալ` ոճրագործներ կամ չարագործներ:

Հ.- Խօսինք «Հորիզոն» գրասենեակին աշխատանքներուն մասին:

Յ. Լ.– «Հորիզոն» գրասենեակին հիմնական աշխատանքներէն մէկն է հոգեբանօրէն եւ մարդկայնօրէն պատրաստել մեր հաւաքականութիւնը, որ թմրամոլներուն չմօտենան իբրեւ ոճրագործներ, այլ զանոնք ընկալեն որպէս զոհ եւ այդ զոհերուն հետ վարուին զգուշութեամբ ու ըլլան` հոգատար: Զանազան մակարդակներու վրայ` պետական, բարեսիրական, նաեւ առողջապահական միութիւններու կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկներուն մէջ կը յիշուին նախզգուշական քայլերը:  2006-էն սկսեալ Եւրոմիութիւնը, որ մեծ պիւտճէ կը յատկացնէր թմրամոլներու կազդուրման կեդրոններու կառուցման համար, 2006-էն ետք եկաւ այն եզրակացութեան, որ այլեւս պէտք է, կազդուրման կեդրոններու փոխարէն, նախզգուշական աշխատանքներուն թափ տալ, որովհետեւ ճիշդ է, որ թմրամոլը պէտք է բուժուի, կազդուրման կեդրոն երթայ, բայց նաեւ նոր զոհեր չունենալու համար նոյնքան եւ աւելի պիւտճէ սկսան տրամադրել նախզգուշական աշխատանքներու արշաւին:

2006-էն մենք նաեւ, իբրեւ կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն, առաջնորդարան, բարեսիրական միութիւններ` Լիբանանի մէջ տարուէ տարի զարգացող եւ մտահոգիչ երեւոյթ ստացող այս մթնոլորտը գոց շրջանակէն հանելու եւ նիւթը սփռելու, խօսելու առիթ ստեղծեցինք եւ հիմնեցինք «Հորիզոն» կեդրոնը: Հիմնադրութեան առաջին օրերուն ժխտական անդրադարձ կար մեզի հանդէպ, այսինքն դպրոցներու տնօրէններու հետ այս նիւթը խօսիլ անընդունելի էր, որովհետեւ, ըստ իրենց, աշակերտներուն հետ նման նիւթ խօսիլ ընդունելի չէր, որովհետեւ աշակերտներուն մէջ նման երեւոյթներ չկային: Բայց մենք կը հաւատայինք, որ օր մը այս նիւթը բնական պիտի ըլլար իրենց, որովհետեւ այսօրուան համացանցը երիտասարդութեան եւ պատանիներուն բաց է եւ հասանելի, ամէն ինչի մասին տեղեկութիւններ կրնան ունենալ շատ պարզ ու դիւրին ձեւով: Կը հաւատայինք, որ օրը պիտի գայ ու պիտի գիտակցինք այս նիւթին մասին խօսելու անհրաժեշտութեան եւ մտահոգութենէ մեկնած պէտք էր ընկալէին մեր աշխատանքը` օժանդակելով մեզի: 2008-2009 տարիներուն «Հորիզոն» կեդրոնը ամբողջ տարուան ընթացքին կեդրոնացաւ նախազգուշական արշաւներուն վրայ:

Մեր աշխատանքը երկու մասի կը բաժնուի. թմրամոլը կրնայ դիմել մեզի, եւ մենք այդ դիմումին կ՛ընդառաջենք երեք բաժանմունքներով` հոգեբաններու եւ հոգեբուժներու բաժանմունք, բժշկական կեդրոնի բաժանմունք եւ կազդուրման կեդրոնի բաժանմունք: Կայ նաեւ բանտի եւ դատական հարցերու վերաբերող բաժանմունք, որ աշխատանք կը կատարէ Երեսփոխանական գրասենեակին միջոցով:

Երկրորդ բաժինով կանոնաւոր եւ հետեւողական ձեւով մեր գրասենեակը կը հետեւի բոլոր պարագաներուն, նախզգուշական աշխատանքներ կը տանի, բոլոր միութիւններուն հետ կապ կը հաստատէ, որպէսզի  բոլոր միութիւններու ընկերային ծառայողները եթէ թմրամոլի մը մասին տեղեակ ըլլան, զայն ուղղեն գրասենեակ, որպէսզի մենք հետապնդենք պարագաները:

Հ.- 2014-ին ձեր աշխատանքը հարուստ էր, գործակցեցաք միութիւններու, դպրոցներու, երիտասարդներու հետ եւ կրցաք խորտակել այն պատնէշը, որուն ետին կանգնելով` ծնողները կ՛ուրանային նման վտանգի մը առկայութիւնը:

Յ. Լ.– 2008-ին սկսանք դասախօսութիւններու ճամբով 10-րդ, 11-րդ, 12-րդ դասարաններու աշակերտներուն սեմինարներ կազմակերպել, 2010-ին դպրոցներու տնօրէններու խնդրանքով սկսանք 9-րդն ալ ներառել, բայց` ոչ անպայման թմրեցուցիչի մասին խօսելու համար:Ծրագիր կայ նաեւ 8-րդ դասարանն ալ ներառել յառաջիկայ  տարիներուն: 2011-ին սկսանք ձեւը փոխել, որովհետեւ տարիներէ ի վեր նոյն նիւթին կրկնութիւնը բաւական ձանձրացուցիչ էր, իսկ պատանիներն ու երիտասարդները արդէն որոշ տեղեկութիւններ ունէին ու համացանցի օգնութեամբ իրենք ալ երբեմն կ’ամբողջացնեն մեր տեղեկութիւնները, հետեւաբար զգացինք, որ մեր նիւթը սպառած է, դիմեցինք թատրոնի, շարժանկարի, ուր թմրամոլներ եկան անձամբ, որ վկայութիւն տան: Ամենակարեւորը այն է, որ երիտասարդութիւնը գիտէ թէ ի՛նչ է թմրեցուցիչը, գիտէ` ինչ տեսակ կայ, ինչ են դժուարութիւնները, բայց երիտասարդները միշտ ալ փորձելու պատրաստ են:

Շատ պարագաներ կու գան եւ կը դիմեն ինծի անձամբ` փորձելով վստահեցնել, թէ իրենք պիտի փորձեն դիմագրաւել իրենց դժուար վիճակը, եւ որ մոլի չեն դառնար, իրենք պարզապէս պարբերաբար գործածող են: Իսկ մենք իրենց կ՛ըսենք, որ պարբերաբար գործածողները կրնան որեւէ հոգեկան, տնտեսական, ընտանեկան տագնապ կամ խնդիր ունենալ, եւ տարբեր պատճառներով անդունդի եզրին գտնուելով` իյնալ անդունդը:

Իսկ ծնողներու պարագային տարուէ տարի հետաքրքութիւնը աճեցաւ. հիմա ծնողներ մտահոգ են եւ կ՛ուզեն համապատասխան գիտութիւն ունենալ այդ մասին: Կարգ մը դպրոցներու ծնողական յանձնախումբեր կազմակերպեցին նման նախաձեռնութիւններ` գործակցաբար մեր կեդրոնին հետ:

Հետաքրքրական էր, որ տարուէ տարի հետաքրքութիւնն ու մտահոգութիւնը կ՛աւելնան, ինչ որ նախազգուշական արշաւին մեծ թափ կու տայ: Ծնող մը միայն ինք չէ, որ գիտութիւն պէտք է ստանայ այդ մասին, այլ իր իմացածին մասին պէտք է իր շրջապատին պատմէ, բացատրէ: Եթէ այդպէս ընեն, շատ աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլան նման դասախօսական հաւաքներ, որովհետեւ եթէ, օրինակ, 40 ծնողք եկան եւ այդ նախազգուշական դասախօսութեան մասնակցեցան, անոնք բնականաբար 160 հոգիի պիտի փոխանցեն իրենց իմացածը, լսածն ու սորվածը: Այսպէս, ամէն տարի կրկնելով, յաճախ զրուցելով միայն կրնանք քիչ թիւով թմրամոլութեան զոհեր ունենալ:

Հ.- Ձեր կարծիքով, երիտասարդները ինչո՞ւ կը դիմեն այս քայլին:

Յ. Լ.– Լիբանանի պարագային տնտեսական տագնապը եւ ընտանեկան ընկճուածութիւնը մեծ դեր ունին: Տան մէջ հաղորդակցութեան, հետաքրքրութեան պակասը երիտասարդներուն հանդէպ եւ  անոնց յաջողութիւններուն եւ ձախողութիւններուն զօրակից կանգնելու հարցը մեծ ազդեցութիւն ունի անոնց արարքներուն վրայ: Ընկերային շրջանակը եւ մթնոլորտը շատ կարեւոր են: Յաճախ կը քաջալերենք, որ միութենական կեանքին մաս կազմեն երիտասարդները: Եթէ Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնը 1000 պատանի-պարմանուհի կու գան, ուրեմն առողջ են, եթէ մարզանքի կեդրոններէն մէկուն մէջ 600-700 անդամ կայ, կրկին կ՛ուրախանանք, որովհետեւ երիտասարդները իրենց ժամանակը լաւ բաներով կը լեցնեն: Բայց կը տխրինք, եթէ անոնք իրենց ազատ ժամերուն յոռի երեւոյթներով տարուին, ճաշարաններուն մէջ կլկլակ ծխեն, ժամանցի անծանօթ վայրեր երթան եւ այլն, որոնք բոլորն ալ մեզի համար մտահոգութիւններ են: Կը շեշտեմ, որ այս բոլորին հիմնական պատճառը տունն ու հոն տիրող մթնոլորտն է: Ծնողները կապի մէջ պէտք է մտնեն իրենց զաւակներուն հետ, խօսակցութեան, կարծիք փոխանակելու, զրոյցի առիթ տան իրենց զաւակներուն: Մասնակից դառնան ե՛ւ անոնց յաջողութիւններուն, ե՛ւ ձախողութիւններուն: Այլոց դիմաց չվարկաբեկեն զանոնք, լսեն անոնց մտահոգութիւնները, հարցերը, տագնապները, որպէսզի կարենան անոնց լուծում տալու իմաստով օժանդակել, նեցուկ կանգիլ, այլապէս երիտասարդը կրնայ մոլորիլ, իր հարազատներուն չդիմել անհրաժեշտութեան պարագային:

2806horizon-posterՀ.- Այս տարուան  նախաձեռնութիւնը տարբեր է նախորդներէն, 29 յունիսին այս ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ մինի մարաթոնը: Ինչպէ՞ս ծնաւ այս գաղափարը:

Յ. Լ.– Այս ծրագիրը քանի մը տարիէ ունէինք, պիտի կազմակերպէինք, ամէն բանի պէս` մարաթոնն ալ կարծէք նորութիւն մըն էր լիբանանեան իրականութեան մէջ: Սկսուած նախաձեռնութիւն մը անպայման իր շարունակութիւնը կ՛ունենայ: Պէյրութի մարաթոնը, ապա բանակի մարաթոնը, կնոջական, իսկ հիմա մենք` «Հորիզոնը»: Կը հաւատանք, որ մարզանքը եւ առողջապահական նախաձեռնութիւնները հեռու կը պահեն երիտասարդները յոռի երեւոյթներէն. այս իմաստով ալ մարաթոնը որդեգրեցինք, որովհետեւ առաջին տարին ըլլալով` մեծ տարողութեամբ չուզեցինք կազմակերպել: Կիրակի տեղի պիտի ունենայ 2.5 քմ երկարութեամբ մարաթոն` 14-18 տարեկան առաջին հանգրուանով, 18-էն վեր` երկրորդ հանգրուանով, եթէ փոքրեր ալ կան, իրենց ծնողներուն հետ կրնան մասնակցիլ:

Մասնակցութիւնը զուտ բարոյական է, յաղթելու, յաղթուելու խնդիր չէ, այլ մթնոլորտի մը ստեղծումն է, եւ այդ մթնոլորտի ընդմէջէն «Ո՛չ» ըսել թմրեցուցիչին` միաժամանակ յիշելով բոլոր այն անձերը, որոնք զոհ գացին այդ երեւոյթին:

Մենք կ՛ակնկալենք 300-400 մասնակցող. արդէն երեք հարիւրը անցած է: Վերջին օրերուն ալ դիմումներ կ՛ըլլան: Մարաթոնը անվճար է, կիրակի, առաւօտեան ժամը 8:30-էն ետք Շաղզոյեան կեդրոնի կից կառատունէն պիտի սկսինք ու աւարտին հասնինք Պուրճ Համուտի հրապարակը:

Լիբանանի աթլեթիզմի յանձնախումբը պիտի կատարէ հսկողութիւնը եւ իրենց փորձառութենէն մեկնած` հարկ եղած օժանդակութիւնները պիտի ընեն: Դիմած ենք բոլոր դպրոցներուն, միութիւններուն, հայրենակցական միութիւններուն, Համազգայինին, ԼՕԽ-ին, երիտասարդական միութիւններուն եւ ուսանողներուն:

Այսպիսով, պէտք  է զգանք, որ մեր ժողովուրդը մեզի հետ է եւ կը գնահատէ մեր տարած աշխատանքը, կը քաջալերէ, որ մենք նախաձեռնութիւնները եւ նախազգուշական արշաւները հետեւողական ձեւով կազմակերպենք: Կը հաւատանք, որ մասնակցութիւնը զօրակցութիւն է, «Հորիզոն»-ի աշխատանքներուն զօրակցութիւն է, բոլոր թմրամոլները պէտք է լաւապէս գիտնան, որ իրենք մինակ չեն, այլ կրնան որեւէ ատեն մեր օժանդակութեան դիմել:

Հ.- Այս առիթով ի՞նչ է ձեր պատգամը լիբանանահայութեան:

Յ. Լ.– Պէտք է գիտակցինք, որ մեր տղաքն են զոհերը եւ անոնք բաժնուած են երկու խումբի, այսինքն կան երկու տեսակ զոհեր` թմրամոլներ եւ պարբերաբար գործածողներ, բայց երկուքն ալ մեզի համար մտահոգիչ  կացութիւն են եւ հիմնական լուծումը, ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, տուներուն մէջ ծնողներէն կախեալ է. անոնք մօտէն պէտք է հետեւին իրենց զաւկին ընկերային շրջանակին, անոնց ապրելակերպին, սովորութիւններուն եւ այլն: Ծնողներուն ուսերուն դրուած է իրենց զաւակներուն թիկունք կանգնելով կացութեան բարդացումը կանխարգիլելու հիմնական աշխատանքը:

Այդ պատճառով ալ ծնողները պէտք է լաւապէս տեղեակ ըլլան թմրամոլութեան, անոր հանգրուաններուն, մոլիին կացութեան, տուեալներուն մասին, որովհետեւ անձ մը յանկարծ մոլի չի դառնար, կան հանգրուանները: Եթէ կարելի ըլլայ կացութիւնը բացայայտել սկիզբի հանգրուանին, շատ արագ կրնաք լուծումներ գտնել, առաջքը առնել, բայց եթէ ժամանակը անցած է, թմրամոլը պէտք ունի կազդուրման կեդրոնի: Հակառակ անոր որ բուժման կեդրոններ կան Լիբանանի մէջ, բայց շատ քիչ են, անոնք հազիւ 120-160 պարագայ կրնան ընդունիլ: «Հորիզոն»-ի ապագայ ծրագիրներէն մէկն է նաեւ, որ մենք մեր կազդուրման կեդրոնը ունենաք, ասոր համար պէտք է կարեւորութիւն տանք նախզգուշական արշաւներուն:

Հ.- Քիչ առաջ ձեր խօսքին մէջ ըսիք, թէ պետական,  բարեսիրական, առողջապահական կառոյցներ կը համադրեն իրենց ճիգերը` այս մեծ աշխատանքը կատարելու: Արդեօք անոնք, որոնք կը բուժուին թմրամոլութենէն, օգտակար կը դառնա՞ն ձեր աշխատանքներուն` իրենց փորձառութենէն մեկնած:

Յ. Լ.– Ո՛չ շատ, երբեմն կը դիմեն մեզի: Բուժուողներու հիմնական հարցը միջավայրն է: Երբ կը բուժուին ու կը վերադառնան նոյն միջավայր, մտահոգիչ կ՛ըլլայ վիճակը: Միջավայրն ալ պէտք է բարեփոխուի, աւելի լաւ ըլլայ ու ընդունի իր զաւակները: Ուրեմն դժուարութիւնը միայն բուժումը չէ, այլ բուժումէն վերադարձէն ետք ենթակային հետեւիլն է: Մենք կ՛աշխատինք քիչ մը հետեւիլ այս իմաստով, բայց բնականաբար չենք հասնիր ամէն տեղ եւ մնայուն կերպով անոր հետ չենք կրնար ըլլալ:

Հ.- Մեր միջավայրին մէջ արդեօք մենք կ՛ընդունի՞նք բուժուածը, առիթ կու տա՞նք, որ ան բնականոն կերպով կեանքը շարունակէ: «Հորիզոն» կեդրոնը նման պարագաներու աշխատանք ապահովելու առնչութեամբ նեցուկ կը կանգնի՞:

Յ. Լ.– Հաւանաբար պէտք է այդ աշխատանքն ալ կատարենք, տակաւինք հոն չենք, որ ընդունելի ըլլանք: Այնպիսի կացութեան մէջ ենք, որ շատ դժուար կը ստեղծենք պայմաններ աշխատելու: Դրական կէտով մը փակեմ խօսքս: Վերջերս լիբանանեան մակարդակով երկրորդական վարժարաններու մտահոգութիւնները կը լսէինք, պէտք է ըսենք, որ մեր հայկական վարժարանները շատ հեռու են անոնց մտահոգութիւններէն: Տակաւին հայկական դպրոցները մաքուր միջավայրեր են եւ ազգային դիմագիծը կը պահպանեն:

Ասիկա մեծ աշխատանքի արդիւնք է` գործակցաբար, ձեռք ձեռքի տալով միութիւն, եկեղեցի, առաջնորդարան` հասած ենք այս արդիւնքին:

Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին «Ո՛չ» ըսել թմրամոլութեան` միանալ մեզի եւ մասնակցիլ կիրակի օր կայանալիք  մինի մարաթոնին:

Այս առիթով շնորհակալական յատուկ խօսք` նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ պիտի ստեղծէ հանգիստ միջավայր մը մեր այս նախաձեռնութեան համար:

«Վազե՛նք Թմրամոլութեան Դէմ»
Պուրճ Համուտի Մինի Մարաթոն 2014

Սիրելի՛ հայրենակից,

Թմրեցուցիչը հաւաքականութիւններու կործանումին ամբողջական եւ ահաւոր զէնքն է: Ահաւոր, որովհետեւ կը կործանէ ապագայ սերունդը, այսինքն` երիտասարդութիւնը: Ամբողջական, որովհետեւ կը կործանէ անհատները, ընտանիքները, ընկերութիւնը, առողջութիւնը, տնտեսութիւնը…

Թմրամոլութիւնը հաւաքականութիւններու սպառնացող մեծագոյն վտանգն է, հարկ է հաւաքաբար պայքարիլ անոր դէմ: Իսկ այդ պայքարին առաջին քայլը վտանգին գիտակցիլն է: Անոր կը յաջորդէ վտանգին դիմաց հաւաքական մեր «Ո՛չ»-ը բարձրացնելը:

«Մինի մարաթոն»-ը «վազքի մրցում» մը չէ սոսկ: Անիկա հաւաքականութեան սպառնացող վտանգին դիմաց ահազանգ հնչեցնելու եւ հաւաքականութիւնը այդ վտանգին դէմ պատրաստելու հաւաքական ճիգի մը արտայայտութիւնն է:

Ուստի, իւրաքանչիւր երիտասարդ հրաւիրուած է կիրակի, 29 յունիսին, արտայայտելու իր գիտակցութիւնը, իր անհատական ճիգով զգաստութեան եւ զգուշութեան պատգամ փոխանցելու ընդհանուրին: Իւրաքանչիւրս եւ մասնաւորաբար մեր երիտասարդութիւնը հրաւիրուած է «Պուրճ Համուտի մինի մարաթոն 2014»-ին` իր մասնակցութեամբ արտայայտելու իր վճռակամութիւնը` պահպանելու իր անձին, ընտանիքին եւ միջավայրին առողջութիւնն ու երաշխաւորելու անոնց ապագան:

«ՀՈՐԻԶՈՆ» ԹՄՐԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ
ԵՒ
ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՄԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES