Իրաքի Թիւրքմենները Կը Պահանջեն, Որ Թուրքիա Զիրենք Պաշտպանէ

2706iraq-turkmenԻրաքի թիւրքմենական միութիւններու դաշնակցութիւնը Թուրքիոյ կոչ ուղղեց պաշտպանելու թիւրքմենները: Դաշնակցութեան ատենապետ Քեմալ Պէյաթլի յայտնեց. «Թուրքիա թիւրքմեններուն միայն սննդական օժանդակութիւն պէտք չէ տրամադրէ: Անոնցմէ կը սպասենք, որ թիւրքմենները պաշտպանելու առնչութեամբ լուրջ քայլեր առնեն»:

Իրաքի երեք միլիոն թիւրքմենները երկրին երրորդ մեծագոյն ազգային խմբակն են եւ բնակչութեան 13 առ հարիւրը կը կազմեն:

Նշելէ ետք, որ Քերքուքի, Մուսուլի, Թելաֆարի եւ Թուզհարմաթուի նման կարգ մը շրջաններու մէջ կացութիւնը շատ վատ է, Պէյաթլի ըսաւ, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը զիրենք պիտի հզօրացնէ, սակայն «պարզապէս յայտարարութիւններ կատարելը բաւարար չէ»:

«Եթէ այսօր Քերքուքը չպաշտպանէք, վաղը Անգարան պաշտպանելու դժուարութիւն պիտի ունենաք», ըսաւ ան:

Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով 300 հազար թիւրքմեններ տեղահանուած են: Անոնցմէ ոմանք Թուրքիա ապաստանած են:

Share this Article
CATEGORIES