Վրաստանը Եւ Մոլտաւիան Ստորագրեցին Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը, Իսկ Ուքրանիան` Համաձայնագիրի Տնտեսական Մասը
Երէկ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ուքրանիոյ, Մոլտաւիոյ եւ Վրաստանի Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:
Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ ստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրի տնտեսական մասը, որ կը նախատեսէ երկրին համարկումը Եւրոպական Միութեան հետ, ինչպէս նաեւ խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի ազատ գօտիի ստեղծումը:
Վրաստան եւ Մոլտաւիա Ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրեցին իր ամբողջութեան մէջ: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Եւրոպական Միութեան ազատ առեւտուրի գօտիի անդամակցութիւն:
Վրաստանի կողմէ փաստաթուղթը ստորագրեց վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի, իսկ Մոլտաւիոյ կողմէ` վարչապետ Եուրի Լիանքէ:
Համաձայնագիրը պէտք է վաւերացուի Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներուն կողմէ:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմփոյ առանց այցեգիրի դրութիւն խոստացած է Ուքրանիոյ եւ Վրաստանին: «Մեր նպատակն է ձեր տնտեսութիւններուն լիակատար համարկումը Եւրոպական Միութեան շուկային մէջ: Առանց այցեգիրի դրութիւնը մեր հանրութիւնները աւելի պիտի մերձեցնէ: Ատիկա արդէն կը գործէ Մոլտաւիոյ համար», ըսած է Ռոմփոյ:
Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի արարողութեան ընթացքին Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ բնակիչներուն խոստացած է «եւրոպական շուկայի, այցեգրային դրութեան, եւրոպական կրթութեան բոլոր բարիքները»:
Միեւնոյն ժամանակ Եւրոպական յանձնաժողովը յայտնած էր, որ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ արտադրանքին վրայ Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի կանոնները պիտի չտարածուին:
«Վրաստանը ունի անկոտրում ցանկութիւն` դառնալու եւրոպական ընտանիքի լիիրաւ անդամ: Կը հաւատամ, որ շուտով Վրաստանը պիտի դառնայ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ», ըսած է վարչապետը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին զգուշացուց, որ համաձայնագիրի ստորագրումը հետեւանքներ պիտի ունենայ:

