Պասքեթպոլ. Ս. Փեթերսպուրկի Հայերը Պիտի Աջակցին Հայրենի Մարզիկներուն
Այսօր` շաբաթ, 28 յունիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի մեծ փառատօն մը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Փառատօնին գլխաւոր իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ 3×3 պասքեթպոլի մրցաշարքը, որուն պիտի մասնակցին 16 զօրաւոր խումբեր:
Անոնց կարգին է նաեւ Հայաստանի խումբը, որ կը նախապատրաստուի յուլիսին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Ս. Փեթերսպուրկի հայկական համայնքին ներկայացուցիչները կը պատրաստուին աջակցելու հայ մարզիկներուն:
Ռուսիոյ հիւսիսային մայրաքաղաքին մէջ գործող նոր սերունդ հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւնը վերջին օրերուն այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանի` լաւապէս քաջալերելու համար հայ մարզիկները:
CATEGORIES Մարզական

