Հաղորդագրութիւն
Գալուստեան ընտանիքը իրենց զաւկին,ամուսնոյն եւ սիրելի հօր` Սերժ Գալուստեանի յիշատակը անթառամ պահելու եւ անոր երազներէն մէկը իրականացնելու համար, ընկերոջ ապաքինման համար գոյացած գումարով ապահոված է հողատարածք մը` Հայաստանի Քանաքեռաւան շրջանին մէջ. սոյն հողատարածքը տրամադրուած է Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին` իբրեւ բանակավայր պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններուն:
Այս բանակավայրը պիտի կոչուի Սերժ Գալուստեանի անունով: Աշխարհի բոլոր կողմերէն ՀՅԴ եւ իր քոյր միութիւններու երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու կառոյցները կարելիութիւնը պիտի ունենան ԸՎՄ-ի հաւանութեամբ եւ համադրումով օգտուելու այս բանակավայրէն:
Այս առիթով կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը ընկեր Սերժի ընտանիքին:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

