2014-ի Մոնտիալ. Հիւրընկալ Երկիրը` Պրազիլ Փենալթիներով (3-2) Դժուարութեամբ Յաղթեց Չիլիի. Հոլանտա Մրցումին Կորսուած Վայրկեաններուն… Յաղթական

Պրազիլի յաղթական մարզիկները

Պրազիլի յաղթական մարզիկները

Օրուան մը դադարէ ետք, շաբաթ, 28 յունիսին սկսան 2014-ի Մոնտիալի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնք այժմ կ՛ընթանան նաք-աութի դրութեամբ:

Հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, որ ճակատեցաւ Չիլիի դէմ, քիչ մը դժուարութեամբ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 120 վայրկեան մրցելէ ետք պայքարող Չիլիի դէմ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Տաւիտ Լուիզ նշանակեց Պրազիլի կոլը (18-րդ), իսկ Ալեքսիս Սանչեզ` Չիլիի կոլը (32-րդ):

120 վայրկեան ետք, երբ յաղթականին անունը չյստակացաւ, դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն, որոնցմէ յաղթական դուրս եկաւ Պրազիլ` 3-2 արդիւնքով:

Ճէյմզ Ռոտրիկեզ

Ճէյմզ Ռոտրիկեզ

Այդ փենալթիները կոլի վերածեցին Տաւիտ Լուիզ, Մարսելօ, Նէյմար (Պրազիլ), Քարլզ Արանկուիզ եւ Մարսելօ Տիազ (Չիլի), մինչ իրենց առաքելութեան մէջ ձախողեցան Ուիլան, Հալք (Պրազիլ), Մաուրիցիօ Փինիլլա, Ալեքսիս Սանչեզ եւ Կոնզալօ Ժարա (Չիլի):

Օրուան իրաւարարն էր անգլիացի Հաուըրտ Ուեպ, մինչ մրցումին ներկայ էր շուրջ 58 հազար հանդիսատես:

Քառորդ աւարտականի (4 յուլիսին) Պրազիլ իր դէմ պիտի ունենայ Քոլոմպիան, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ուրուկուէյը` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քոլոմպիոյ յաղթանակը կերտեց Ճէյմս Ռոտրիկեզ, որ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` շուրջ 74 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Ուեսլի Շնայտըր (ձախին) իր նշանակած կոլէն ետք

Ուեսլի Շնայտըր (ձախին) իր նշանակած կոլէն ետք

Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք աւարտեցաւ Հոլանտա – Մեքսիքա մրցումը` ի նպաստ եւրոպական խումբին` 2-1 արդիւնքով:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցաշարքին առաջին անգամ ըլլալով գործադրութեան դրուեցաւ (ՖԻՖԱ-ին կողմէ) «Քուլինկ Պրէյք» դրութիւնը:

Նկատի ունենալով, որ օդը շատ տաք էր եւ արեւը բաւական կիզիչ, օրուան փորթուգալցի իրաւարար Փետրօ Փրոյենսա որդեգրեց այս նորարարութիւնը` առիթ տալով երկու խումբերուն մարզիկներուն, որպէսզի վայրկեանի մը համար դադար առնեն եւ ջուր խմեն:

Քոսթա Ռիքայի բերդապահը կը զսպէ ճակատագրական գնդակը

Քոսթա Ռիքայի բերդապահը կը զսպէ ճակատագրական գնդակը

Ան իր ձեռքով թայմ աութի նշանը ցոյց տուաւ` դադրեցնելով մրցումը, որմէ ետք անիկա շարունակուեցաւ:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին արդիւնքին, Հոլանտա շուրջ 59 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան իր յաղթանակը կերտեց մրցումին կորսուած… 94-րդ վայրկեանին, երբ Քլաաս Եան Հունթելաար, փենալթիով պարտութեան մատնեց բերդապահ Կիլերմօ Օշոան, որ մինչ այդ արդէն իսկ սխրանքներ կը գործէր:

48-րդ վայրկեանին Ճիովանի Տոս Սանթոս նշանակեց Մեքսիքայի եւ մրցումին առաջին կոլը, մինչ Հոլանտայի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Ուեսլի Շնայտըր (88-րդ):

Քառորդ աւարտականին, Հոլանտա իր դէմ պիտի ունենայ Քոսթա Ռիքան, որ փենալթիներով` 5-3 յաղթեց Յունաստանին:

Նշենք, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:

Քոսթա Ռիքայի յաղթական մարզիկները

Քոսթա Ռիքայի յաղթական մարզիկները

Քոսթա Ռիքայի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Պրայըն Ռուիզ (52-րդ), մինչ Յունաստանի հաւասարութեան կոլը` Սոքրաթիս Փափասթաթոփուլոս (92-րդ):

Ստորեւ այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

  ԺԱՄ
Ֆրանսա – Նիկերիա 19:00
Գերմանիա – Ալճերիա 23:00

 

2014-ի Մոնտիալ. Առաջին «Քուլինկ Պրէյք»-ը

2014-ի Մոնտիալ. Առաջին «Քուլինկ Պրէյք»-ը

Share this Article
CATEGORIES