Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (414). Իսկ Իմ Մայրս…

Ռ. Հ. 

Քանի որ սկսանք խօսիլ «սէր» բառի մասին եւ քանի որ, միշտ բառարանը մեր ձեռքին մէջ բռնած, մտանք նաեւ բանաստեղծութեան աշխարհէն ներս, եկէք` միասնաբար տեսնենք, թէ «սէր»-ը ծնունդ կու տայ ո՛չ միայն կեանքի բիւրաւոր բարիքներուն, այլ նաեւ` հայոց լեզուի «սիրավառ» բառերուն: Բանաստեղծները մեզմէ առաջ կը վազեն սէր փնտռելու ու սիրելու համար:

Սիրոյ հազարաւոր ձեւեր կան, բայց անոնցմէ մէկը մեր այսօրուան աշխարհի ամէնէն յարգուած սէրն է: Մարդասիրութիւն: Մարդը սիրել: Մարդը սիրել առանց այլեւայլի: Մանաւանդ սիրել այն մարդը, որ երջանիկ չէ ու կը տառապի, սիրել մարդը, որ կեանքի ապտակ ստացած է, սիրել դժբախտ մարդը, սիրել աղքատ մարդը, սիրել որբ զաւակը:

Ակամայ դարձեալ ականջ պիտի տանք Վահան Թէքէեանին: Ակամայ, որովհետեւ այս անգամ տխուր պիտի հնչեն իր այն չորս տողերը, որոնք կը խօսին «Որբերու ձեռքեր»-ուն մասին:

«Կ՛ելլէ ճաճանչ մը կարծես այս անհամար ձեռքերէն:
Ձեռքե՜ր մեծցած մինակնին, ոչ շատ, դեռ թոյլ, դեռ անմեղ,
Դեռ ոչ ոքի չխառնած կամ չխզած վատօրէն
Բախտին թելերը` ձեռքեր. սիրակարօտ, սիրազեղ»:

Այս չորս տողերը գործածեցի, ո՛չ թէ որպէսզի թրթռացնեմ մարդասիրութեան լարեր, այլ որպէսզի ընդգծեմ «սիրակարօտ» եւ «սիրազեղ» բառերը, սիրոյ կարօտ, սիրոյ զգացումով զեղուն: Մանաւանդ սա «սիրակարօտ»-ը յուզիչ բառ չէ՞ իր ամբողջական գեղեցկութեան մէջ: Պէտք է որ չափէն աւելի շատ է՞ջ դարձնենք, որպէսզի բանաստեղծութեան մը մէջ հանդիպինք «սիրակարօտ» բառին: Չեմ կարծեր: Ահաւասիկ կարդացէք լիբանանահայ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանին սա տողերը.

«Կը պայծառանայ դէմքդ աղօտ
Աղջամուղջին մէջ աշնանային
Մարմին կ՛առնէ մեր խարխափումը,
Անվերջ ու սիրակարօտ»:

Որքան դիւրին է «սէր» բառը միացնել ուրիշ բառի մը եւ նոր բառ մը շինել: Մենք հոս «սէր»-ը դրինք բառերուն առջեւը: Իսկ ի՞նչ կը պատահէր, եթէ զայն դնէինք բառերու ետին եւ կազմէինք բառեր, ինչպէս` գրասէր, բանասէր, ջանասէր, ուսումնասէր, ընկերասէր, մարդասէր, խաղաղասէր, նախասիրութիւն, հիւրասիրութիւն, պատուասիրութիւն, եւ ասոնց պէս ով գիտէ` քանի հարիւր բառ, որոնց ետեւէն պիտի չվազեմ հիմա: Մեր մեծասքանչը ա՛յս է ահաւասիկ: Չեմ գիտեր, որ եթէ «սէր» բառին ֆրանսերէնը կամ անգլերէնը յանձնէի ֆրանսացիի մը կամ անգլիացիի մը ու անոնցմէ խնդրէի, որ ատով նոր բառ շինեն իրենց լեզուին մէջ, պիտի կարենայի՞ն այնքան դիւրութեամբ ու այնքան շատ բառ շինել, որքան մենք շիներ ենք ու դեռ ալ կրնանք շինել մեր «ամենասիրելի» «սէր» բառով: Եթէ նոյնը խնդրեմ հայ մարդէն, գիտեմ` ան անմիջապէս պիտի սկսի համրել արդէն գոյութիւն ունեցող ինչ ինչ բառեր…

Սիրակարօտ, սիրուն, սիրազեղ, սիրալիր, սիրահար, սիրավառ, սիրական, սիրաբողբոջ, սիրակէզ, սիրասուն, սիրատոչոր, սիրայօժար, սիրաշահիլ, սիրերգ, սիրաբանութիւն: Պէտք կա՞յ բացատրելու, թէ ի՛նչ կը նշանակեն այս բառերը: Եւ տակաւին որքա՜ն շատ բառ կայ, ոմանք` թերեւս ոչ գործածական, որ շինուած ըլլայ «սէր» բառով: Սիրաբուն, սիրագին (սիրով լեցուն), սիրակցորդ (սիրով կապուած), սիրաբան (հոմանիշ բանասէր բառի), սիրահամբոյր (սիրոյ համբոյրով), սիրամեծար (սիրելի ու մեծարելի), սիրաջան (սիրով ու ջանքով կատարուած), սիրատարփ (սիրով ու տարփանքով լեցուն), սիրատխուր (սէր ու տխրութիւն ունեցող), սիրողական (օտար բառով` ամաթէօր):

Հիները շատ յարգելի ու իրենցմէ աւելի բարձր դիրք ունեցող մէկու մը եթէ խօսք ուղղէին, կ՛ըսէին` «Ձեր սիրելիութիւնը…»:

Այսօր ալ կա՞ն այս բառը գործածողներ, հակառակ որ այնքան շատ սիրելիութիւններով շրջապատուած ենք:

Կը գործածենք նաեւ «սիրարկած» բառը, որ կը նշանակէ սիրոյ պատճառով ապրուած պատահար, ապրում, կամ` անցեալի պատմութիւն: «Այս մարդը կեանքին մէջ ունեցած է բազմաթիւ սիրարկածներ»: Հասկնալի է, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ այս նախադասութիւնը: Բայց, եթէ չսխալեցայ, ես այս բառը չկրցայ գտնել բառարանին մէջ: Այսքան հինէն եկող սիրոյ պատմութիւններու այս բառը շա՞տ նոր է, բառարաններէն վե՞րջ է, որ ստեղծուած է արդեօք:

Բառարանը մեզի կու տայ նաեւ «սիրադեղ» բառը եւ կը բացատրէ, որ ասիկա այն դեղն է, զոր հիները կու տային մէկու մը մօտ սա կամ նա անձին նկատմամբ սէր արթնցնելու համար: Ողջունենք այս բառն ալ, թէեւ շատ լաւ գիտենք, որ սէր կոչուածը այն զգացումը չէ, որ կ՛արթննայ կամ կը ստեղծուի դեղով մը:

«Սէր» բառով շինուած բառերուն միջեւ կայ հատ մը, զոր ես բոլոր միւսներէն անջատեցի եւ վերջուան պահեցի, որովհետեւ անիկա պաշտելի բառ մըն է, աւելի ճիշդ` պաշտելի անուն մըն է ինծի համար: «Սիրանուշ»: Սիրով ու քաղցրութեամբ լեցուն: Ասիկա անունն էր լուսահոգի ու պաշտելի մօրս: Անոր ծնողները ինչպիսի իմաստութեամբ մը ընտրեր են անուն մը, որ ամբողջ կեանքի մէջ այնքան պատշաճեցաւ ու յարմարեցաւ անոր: Համակ սէր ու քաղցրութիւն էր ան, սիրով ու անուշութեամբ լեցուն, ո՛չ միայն իր զաւակներուն հանդէպ, այլ նաեւ` աշխարհի վրայ իբրեւ մարդ ապրող ամէն էակի նկատմամբ: Բայց զաւակներու հանդէպ սէրը կը բաղդատուի՞ ուրիշներու նկատմամբ զգացուած սէրերու հետ: Թէեւ աշխարհի բոլոր մայրերը «Սիրանուշ» չեն կոչուիր, բայց գրեթէ բոլորն ալ անուշ սիրով լեցուն են իրենց զաւակներուն հանդէպ: Իսկ իմ մայրս… մէկ հատիկ էր այդ իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES