Զարուկը
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Անկարելի է. Զարուկը առանձին ձգելով` չենք գար: Կա՛մ բոլորս միասին, կա՛մ` բնաւ: Մի՛ փորձեր համոզել, Զարուկը առանձին չեմ ձգեր հոս», կը պոռար տիկին Վարդուկ հեռաձայնով Ամերիկա ուսանելու գացած ու բնաւ չվերադարձած տղուն հետ խօսելով: Վերջինը կը համոզէր, որ ընտանիքը փոխադրուի իր քով, սակայն կրտսեր քոյրը` Զարուկ տակաւին 18 տարեկանը չէր բոլորած: Նախ` ծնողները պէտք էր հաստատուէին Ամերիկա, ապա, իրենց կեցութեան օրինաւոր թուղթերը ամբողջանալէն ետք, իրենք իբրեւ ծնողք իրաւունք պիտի ունենային դիմելու եւ դասաւորելու Զարուկին թուղթերը, իսկ այս բոլորը կրնար 6-8 ամիս կամ տարի մը տեւել, եւ Զարուկ առանձին պէտք էր մնար Լիբանան: Ոեւէ հարազատ չունէին, որո՞ւ քով վստահէին ձգել աղջիկը:
Մայրը համոզելու Գեղամին փորձերը ապարդիւն անցան: Ջղայնացած` «Լա՛ւ ուրեմն, հոն ռումբերը վայելեցէք» ըսելով` վար դրաւ ընկալուչը:
Տիկին Վարդուկենց տան մէջ հեռաձայն չկար: Գեղամ հեռաձայնած էր թիւին իրենց դիմացի շէնքի դրացիին, որ պատշգամէն պոռալով կանչած էր. «Շո՛ւտ եկուր, Ամերիկայէն տղադ է»: Տիկին Վարդուկ իրենց շէնքի հինգ յարկերուն աստիճաններէն զոյգ-զոյգ իջած ու հեւալով բարձրացած էր դրացիին 4-րդ յարկը: Հեռաձայնը գոցելէն ետք` տանտէրը տիկին Վարդուկին դառնալով. «Դուք գացէք, Զարուկով մի՛ մտահոգուիք, մեր տունը կը մնայ: Այսքան տարուան դրացիներ ենք: Մեր աղջկան պէս է, մեր տան մէջ մեծցած է: Գացէք, գոնէ մենք ալ Ամերիկա մարդ կ՛ունենանք, թերեւս օր մը դուք ալ մեր թուղթերը կ՛ընէք, ու մեզ ալ կ՛ազատէք այս դժոխքէն: Աստուած հետերնիդ»:
Տիկին Վարդուկին կը մնար համոզուիլ: Մէկ կողմէն տղուն կարօտը, միւս կողմէ` Լիբանանի անորոշ վիճակը կը ստիպէին, որ դեռատի աղջիկը առանձին ձգելով Լիբանան` ընտանիքով մեկնին Ամերիկա, ուր հանգիստ է կեանքը, չկայ ռումբի ու զէնքի ձայն, վերջ ի վերջոյ, «Տարի ըսածդ ի՞նչ է որ, աչքդ գոցէ բաց, տարին արդէն վերջացած է», եւ Զարուկ կը միանայ իրենց: Եթէ այս առիթն ալ փախցնեն, ամբողջ կեանքերնին պիտի անցընեն այս երկրին մէջ, ուր օրէ օր կացութիւնը կը վատթարանայ:
Թաքսին դրան առջեւն է: Գեղամ բազմիցս կրկնած է. «Շատ ապրանք չբերէք հետերնիդ, հոս ամէն ինչ առատ է»: Սակայն տիկին Վարդուկ եւ իր ամուսինը անդադար պայուսակներու շարան մը կ՛իջեցնեն աստիճաններէն ու կը դնեն թաքսիին քով: Շարժավարը կը գանգատի: Ո՞ւր պիտի դնէ այսքան ապրանք: Օդանաւով տարուելիք սահմանուած կշիռքը շատոնց անցած է, սակայն ինչպէ՞ս հրաժարին յիշատակի նկարներէն, Զարուկին համար պատրաստած օժիտէն, պատի պարսկական գորգէն, հայկական սուրճի գաւաթներէն ու սրճեփէն: Շարժավարին հետ երկար բարակ վիճաբանելէ ետք, տիկին Վարդուկ կը համաձայնի կարգ մը ապրանքներ զիջիլ: «Մեր տունը ձգէ, Զարուկը հետը կը բերէ», կը համոզէ դրացին` շատ լաւ գիտնալով, որ Զարուկ պիտի չտանի, եւ վերջ ի վերջոյ անոնք իր տունը պիտի մնան: Տիկին Վարդուկ անվերջանալի պատուէրներ տալէ ետք Զարուկին, թաքսին ճամբայ կ՛ելլէ: Թաղին անկիւնը կը հասնին, պիտի թեքին աջ ու ապա հետքերնին պիտի կորսուի: Քանի ինքնաշարժը կը հեռանայ, այնքան կը բարձրանայ տիկին Վարդուկին ձայնը: «Անօթի չմնաս, լաւ կեր, մի՛ քաշուիր, մենք այնտեղէն տոլար կը ղրկենք, գիշերները վրադ բաց չպառկիս, գիշերները առանձին տունէն դուրս չելլես»: Պատուէրներու շարանը կը շարունակուի, իսկ միւս կողմէ` դրացին, իր կարգին, «իր մարտիրոսը կու լայ». «Սա կրին քարտ ըսուածը մեզի ալ ղրկելու չմոռնաք»:
Հեռացած են արդէն: Ո՛չ ինքնաշարժ կ՛երեւի, ո՛չ ալ տիկին Վարդուկի խօսքերը կը լսուին: Շէնքի մուտքին Զարուկ նոր կ՛անդրադառնայ, թէ ծնողները մեկնած են, իսկ ինք մինակը պիտի մնայ դրացիին մօտ, Աստուած գիտէ` որքան, ու յանկարծ արցունքները կը յորդին աչքերէն ու բարձրաձայն. «Մամա՜, պապա՜»: Արդէն ուշ է, լսող չկայ: «Քալէ աղջիկս, քալէ, վեր ելլենք» ըսելով, դրացին Զարուկին թեւը մտած` կը բարձրանան աստիճաններէն:
***
Տիկին Մարի քանի մը ամիս հարազատ մօր մը նման հոգ տարաւ Զարուկին, սակայն երբ Ամերիկայէն ո՛չ տոլար հասաւ, ո՛չ ալ «կրին քարտ», խնդիրը փոխուեցաւ: Զարուկ դարձաւ տիկին Մարիին «աչքին փուշը»: Պատրուակ մը կը գտնէր աղջկան վրայ պոռալու: Կերած քանի մը պատառ հացը թոյն ըլլար կարծես: Խեղճ Զարուկին կոկորդէն չէր իջներ: Առտու կանուխ. «Ի՞նչ է, հոս օթե՞լ կարծեցիր, մամայիդ տո՞ւնը տեսած ես մինչեւ կէսօր պառկիլ, հայտէ՛, ե՛լ, քիչ մը տունը կարգի դիր, ելեկտրականութիւնը պիտի ուշանայ, սա բոլոր լուացքները մինակս պիտի չընեմ եա՛»: Ուրիշ օր մը. «Ո՞ւր էիր այդքան ուշացար, եթէ քեզի բան մը ըլլայ, մամայիդ ձեռքէն չենք կրնար ազատիլ», «Սա թուղթերդ ալ չեն ըլլար կոր, որ ազատինք ձեռքէդ», «Մամադ խոստացաւ մեզի «կրին քարտ» ղրկել, վրանիս խնդաց, խոստացաւ, որ փողոցը մնացած աղջկան տէր ըլլանք, վերջն ալ բնաւ անտեղացի չեղաւ», «Ես արդէն իր ինչ ըլլալը գիտէի, բայց դրացի ենք, օգնենք` ըսինք, ի՞նչ գիտնայի, որ սուտ պիտի խօսէր»:
Անձրեւոտ օր մըն էր: Զարուկ տակաւին անկողինն է: Աչքերը բաց` կ՛երազէ: Գուրգուրոտ տան մը մէջ մեծցած է, ծնողներուն «աչքին լոյսը», իսկ հիմա` անտուն, անտէր, դրացիին «աչքին փուշը»: Այսօր անկողինէն ելլելու կը վախնայ: Գէշ նախազգացում մը ունի: Ինքն ալ չի գիտեր` ի՛նչ, սակայն այսօր տարբեր օր մըն է: Յանկարծ պոռալով ներս կը մտնէ տիկին Մարի, ձեռքին Զարուկին պարապ պայուսակը ու նետելով խեղճ աղջկան մօտ` «Հայտէ՛, ե՛լ, ապրանքներդ լեցուր սա «վալիզ»-իդ մէջ, եւ ո՛ւր որ կ՛ուզես, հոն գնա: Դուրսի ռումբերը չեն բաւեր կարծես, մէյ մըն ալ ուրիշին լակոտին հոգը պիտի առնեմ եղեր: Հայտէ՛, արագ շարժէ»: Զարուկ կարծես երկինքէն ինկաւ: Գիտէր, որ հոն մնալ` կը նշանակէր դժոխքի մէջ ապրիլ, սակայն ո՞ւր երթար: Մտքին ծայրէն իսկ չէր կրնար անցընել, որ տիկին Մարի զինք կրնայ տունէն դուրս նետել: Հեկեկալով` «Բայց տիկին Մարի, ո՞ւր երթամ, որո՞ւ դուռը ծեծեմ»: «Ուզածդ ըրէ, գնա՛ բոզութիւն ըրէ, միայն թէ երեսդ չտեսնեմ: Վաղը երբ Ամերիկա երթաս, ով գիտէ` ի՜նչեր պիտի ընես»:
Տիկին Մարիի ամուսինը` պարոն Սեդրակ, որ բերանը բանալու բնաւ իրաւասութիւն չունէր, չդիմանալով` «Քա՛ կնիկ, կ՛ըլլա՞յ մը, ճահիլ աղջիկը փողոց ձգե՞լ կ՛ըլլայ, Աստուծմէ՛ վախցիր»:
«Ի՞նչ է, ուրիշին լակոտը պաշտպանելո՞ւ ելար.., չըլլայ, թէ բան մը կայ մէջերնիդ, իրեն նայած ձեւդ արդէն շատ չեմ հաւնիր»:
«Ամա՜ն կնիկ, ինչե՞ր կ՛ըսես, անանկ բան կ՛ըլլա՞յ մը, զաւակիս տեղն է» ըսելն ու սենեակէն դուրս ելլելը մէկ եղաւ` քիթին տակէն մրթմրթալով. «Ինչո՞ւս պէտք, կեանքերնիս «հարամ չընենք»: Ատկէ ետք չհամարձակեցաւ բերանը բանալ: Արդէն պէտք եղածէն աւելի խօսած էր: Առաջին անգամն էր, որ կնկան կը հակաճառէր:
Սենեակին մէջ առանձին է Զարուկ: Կը հաւաքէ իր հագուստներն ու անձնական իրերը: Կը մտածէ, սակայն ուղեղը չ՛աշխատիր: Ո՞ւր կրնայ երթալ:
Պայուսակը ձեռքը` փողոցն է: Անձրեւը կը մաղէ, եւ նոյնիսկ հովանոց մը չունի պաշտպանուելու անկէ: Աննպատակ կը քալէ ու յանկարծ կը զգայ, թէ հասած է իր դասընկերուհիին տան առջեւ: Յաճախ գտնուած է այդ տունը: Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը, միասին ամավերջի քննութիւններ պատրաստած են: Պատահած է, որ ընկերուհիին ծնողները պնդեն, որ գիշերով ճամբայ չելլէ եւ հոն քնանայ: Փոքրիկ տուն մը, սակայն այնքան ջերմ ընդունած են զինք միշտ: Ինքն ալ չգիտցաւ, թէ ինչպէ՛ս ձեռքը երկարեց տան զանգին, ու քանի մը երկվայրկեան ետք տան դուռը բացաւ իր դասընկերուհին` Սիրանը: Զարուկ բերանը չկրցաւ բանալ: Նետուեցաւ ընկերուհիին գիրկը ու սկսաւ հեկեկալ: Երկուստեք` ո՛չ մէկ բառ: Միասին ներս մտան ու թաց աչքերու մէջէն անուշ ժպիտով մը Զարուկ սկսաւ պարպել պայուսակը: Կարծես` սկիզբէն ժամադրուած ըլլային: Սիրվարդի ծնողքը, նմանապէս, ո՛չ մէկ խօսք: Լռելեայն համաձայնած էին: Զարուկը հոն կրնար մնալ մինչեւ իր թուղթերուն աւարտիլն ու ծնողքին միանալը:
***
Թաքսին տան առջեւ կը սպասէ: Զարուկին մէկ հատիկ թեթեւ պայուսակը կը տեղաւորեն ինքնաշարժին մէջ: Տնեցիք կարծես հարազատ ընտանիքի մը անդամն է, որ ճամբու կը դնեն: Բոլորին աչքերը արցունքոտ են: Զարուկ ուրախ է ու տխուր: Պիտի միանայ իր եղբօր ու ծնողներուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ պիտի բաժնուի իր «երկրորդ» ընտանիքէն, որոնք ամիսներով առանց տրտնջալու տէր կանգնեցան իրեն: Խտրութիւն չդրին տան միւս զաւակներուն եւ իր միջեւ:
Ինքնաշարժը բաւական հեռացած է: Զարուկ գրպանէն հանեց թաշկինակ մը: Աչքե՞րը սրբելու, թէ՞ շարժելու որպէս «Մնաք բարով»: Ինքն ալ չգիտցաւ, թէ ուրկէ յանկարծ յիշեց հայերէն հին երգ մը ու ցած ձայնով, արցունքոտ աչքերով սկսաւ երգել.
«Ղարի՜պ աղբեր, արի մեր տուն,
Էս էլ հայի օճախ է,
Իմ պաղ ջուրս, սեւ չոր հացս,
Քեզ պէս հայուն հալալ է»:
Լոս Անճելըս, 2014

