Լիթուանիա 2015-ին Պիտի Միանայ Եւրոյի Գօտիին

3006Lithuanian-flagԼիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայտէ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է, որ Եւրոպական Միութիւնը միաձայնութեամբ հաստատած է, որ Լիթուանիան պատրաստ է մուտք գործելու Եւրոյի գօտի եւ իբրեւ դրամանիշ օգտագործելու եւրոն: Ան աւելցուցած է, որ 1 յունուար 2015-էն սկսեալ Լիթուանիոյ մէջ պաշտօնապէս պիտի գործէ եւրոն:

Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարութիւնը համաձայնութիւն տուած էր, որ Լիթուանիան մուտք գործէ Եւրոյի գօտի: Միացեալ եւրոպական դրամանիշի որդեգրման համար Եւրոպական յանձնաժողովը ներկայացուցած էր շարք մը չափանիշեր, որոնք պէտք էր բաւարարուէին պալթեան երկիրներուն կողմէ: Ըստ երեւոյթին, Լիթուանիան կատարած է բոլոր այն պարտաւորութիւնները, որոնք անհրաժեշտ էին միացեալ դրամանիշին միանալու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES