Անդրադարձ. Կարդալով Քրիստինէ Կանաչեանի «Անմոռանալի Յուշերը»

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ընթերցանութեան ջերմ մտերմութիւնը կը խանդավառէ մեզ, որպէսզի գրենք այս քանի մը տողերը` կարդալէ ետք Քրիստինէ Կանաչեանի «Անմոռանալի յուշերը» «Կամար» գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթի վերջին համարին մէջ:

Յուշագրական արձակը տարբեր հաղորդականութիւն մը կ՛ունենայ եւ կը մղէ ընթերցողը, որ կարդայ անպայման: Եթէ յուշագրական արձակը ունենայ գրական ոճ եւ մանաւանդ ՀԻՒՄԸՐ, կ՛առինքնէ, կը շարունակես մտածել գրողին ապրած կեանքին, կենսափորձին, տառապանքին եւ յաջողութիւններուն մասին: Երբեմն ալ կը զարմանաս, երբ ընթերցման ընթացքին կ՛անդրադառնաս յուշագրողին հոգեմտաւոր ապրումներուն, եւ չես ակնկալեր, որ ներկայացուած-ապրուած կեանքը գրողինն է:

Այս տպաւորութիւնը ապրեցանք, երբ կարդացինք Քրիստինէ Կանաչեանի (հանրածանօթ երաժիշտ, խմբավար, երգահան Բարսեղ Կանաչեանին կողակիցը) «Անմոռանալի յուշեր»-ը:

«Կամար»-ի խմբագրութիւնը ուրախութեամբ լոյս ընծայած է այս յուշագրութիւնը այնպիսի անձնաւորութեան մը մասին, որմէ գրեթէ մտերմիկ տեղեկութիւններ չունէինք: Այս ըսելով` կ՛ուզենք նշել, թէ ինչո՞ւ այսքան ուշ մամուլին յանձնուած է այս գրութիւնը: Վստահ ենք, որ Բարսեղ Կանաչեանի հարազատները յանձնած են մամուլին, ինչո՞ւ պահուած է մօտ 40 տարի` լոյսին բերելու նման անձնաւորութեանց կեանքին տարբեր հանգրուանները, արուեստագէտէն բացի` անոր կենցաղային ելեւէջները, կեանքին հանդէպ ունեցած փիլիսոփայութիւնը եւ այլն:

Յուշագրող Քրիստինէ Կանաչեանը մօտէն չեմ ճանչցած, բայց կը յիշեմ պարման տարիներէս Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին մէջ անոր ներկայութիւնը, երբ կը մեներգէր խումբին մէջ իր ամուսնոյն յօրինած «Օրօր» քնքուշ երգը:

– Քրիստինէ Կանաչեանն է մեներգողը, «Քուն եղիր, բալաս…»:

Երիտասարդ չէր այդ օրերուն իմ տեսած (բեմին վրայ) Քրիստինէն հասուն տարիքի կին էր, բայց պահած էր իր ՍՈՓՐԱՆՕ-ն, մեղեդիական եւ քնարային մեկնաբանութիւնը: Այս մասին կը գրէ Քրիստինէն իր յուշագրութեան մէջ:

Գոհունակութեամբ կարդացի եւ ոգեւորուեցայ` ծանօթանալով Բարսեղ Կանաչեանի մարդ կերպարին, որ եղած է այնքան ինքնաբաւ արուեստագէտ, այսինքն բաւարարուած նիւթական իմաստով` ՔԻՉ-ով, փոխանցելով այն իմաստութիւնը, թէ մարդ չ՛ապրիր միայն հարուստի նիւթական գոհունակութեամբ, այլ` հոգեմտաւոր հարստութեամբ… Չենք ուզեր մանրամասնութիւններ փոխանցել ընթերցողին, կը թելադրենք, որ անպայման կարդայ: Դժգոհութիւնս, ինչպէս ըսի, պարզապէս այս ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԵԱՆ շատ ուշ յանձնումն է մամուլին:

Երկրորդ դժգոհութիւնս կ՛երթայ այլ յուշագրութեան մը` «ԿԱՄԱՐ»-ի նոյն համարին մէջ տպուած, դոկտ. Երուանդ Քասունիի հետաքրքրական մէկ յուշագրութիւնն է, զոր կատարած է ան Պարոյր Սեւակի հետ: Իր յուշերը վերնագրած է «Հանդիպումներ Պարոյր Սեւակի հետ»:

Երուանդ Քասունի մտաւորական ծանօթ անձնաւորութիւն է մեր գաղութին մէջ, ինչո՞ւ սպասած է աւելի քան 40 տարի այսքան կարեւոր յուշերը լոյսին ցոյց տալու: Ինչո՞ւ պահած է իր յուշերը, այս մասին բացատրութիւն մը կայ, բայց… Ինչո՞ւ կը պահենք մեր գրիչը նման բացառութիւններու մասին արտայայտուելու: Շնորհակալութիւն դոկտ. Երուանդ Քասունիին, որ ի վերջոյ հրապարակած է իր յուշերը, եւ ձեւով մը կը ծանօթանանք տաղանդաշատ անմահանուն բանաստեղծին:

«Կամար»-ի այս թիւը ես գտայ նախորդ թիւերէն աւելի հետաքրքրական: Այս կը նշանակէ, որ կը կարդանք անունները ծանօթ գրողներու: Այս առիթով կ՛ուզեմ երկու խօսք ըսել տաղանդաւոր արձակագիր հայուհիի մը հասցէին: Զայն չեմ ճանչցած, հետեւաբար վկայութիւնս կամ արտայայտութիւնս նկատեցէք «անկողմնակալ»: Պերճուհի Աւետեան կը կոչուի, հալէպահայ է, որուն պատմուածքները կարդացած եմ այլ պարբերականներու մէջ եւ միշտ` գոհունակութիւն զգացած: «Առնէտեան օրագիր» խորագիրով, որ կը ներկայացնէ Հալէպի մեր ժողովուրդին ապրած դժբախտ, անտանելի օրերը պատերազմի պատճառով: Պերճուհին իր եւ իր Հալէպի հայրենակիցներուն կեանքը նմանցուցած է առնէտներու կեանքին, ծակէ ծակ, կոյուղիներու նման ընդյատակեայ խուցերու մէջ: Գիւտ մը ըրած է Պերճուհի Աւետեան, իր ապրած օրերը թիւերով բաժնած` եօթը օրերու: ՀԻՒՄԸՐ ունի Պ. Աւետեան, շնորհաւորելի գրիչ մը. արդեօք առնէտներու նման իր ապրած օրերը 7-էն գոնէ 3 օրերու վերածէր աւելի հանգիստ չէ՞ր զգար, որովհետեւ երբ նոյն պատկերը քանի մը անգամ տեսնես, չես ուզեր կրկին վերադառնալ անոր: Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Պերճուհի: Ձեր ապրած կեանքը դիւրաւ ընկալեցինք իբրեւ նոյնանման պատերազմ ապրած լիբանանահայեր, կեանք մը դաժան, որ կը յարատեւէ մեզ ձանձրացնել, սարսափեցնել, լացնել մինչեւ այսօր: Կը յիշենք մեր նահատակները…

«Կամար»-ի այս թիւին մէջ երկեր ստորագրած են մեր բոլորին ծանօթ գրող հեղինակներ` լիբանանահայ եւ սուրիահայ:

Հայրենի գրողներէն կարդացինք հաճելի եւ հաղորդական արձակ` Նորայր Ադալեանէն եւ Խաչիկ Խաչերէն:

«Կամար» անդրադարձած է ստացուած գիրքերու` գրախօսականներով, ինչպէս նաեւ` գեղանկարչական եւ այլ սեռի արուեստի ստեղծագործութիւններու:

Այս առիթով կարելի է յիշեցնել յուշագրողներու, որոնք եթէ ունին գզրոցներու մէջ փակուած յուշեր, քաջութիւնը ունենան օր առաջ լոյս ընծայելու` վասն պահպանման գրական «աղբիւրներու» եւ հարուստ արխիւի:

27 յունիս 2014

Share this Article
CATEGORIES