Տաւուշի Մարզին Մէջ Ազրպէյճանցիները Ներթափանցման Գործողութիւն Իրականացուցին
Երէկ Տաւուշի մարզի Այգեձոր գիւղին մերձակայքին, Մեհրապի ուղղութեամբ, օգտուելով մշուշէն, ազրպէյճանցիներուն կողմէ ներթափանցման գործողութիւն իրականացուեցաւ: Այս մասին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին: Հակառակորդը փորձած է շրջապատել հայկական դիրքերէն մէկը: Հայկական զինեալ ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումներու ձեռնարկած համապատասխան քայլերուն շնորհիւ հակառակորդի ներթափանցման գործողութեան փորձը կասեցուած է: Ազրպէյճանական կողմը նկատելով, որ իրենց գործողութիւնները աննկատ չեն մնացած հայ զինեալ ուժերուն կողմէ, անոնք անդադար կրակած են հայ զինուորներուն վրայ: Նախնական տեղեկութիւններով` հայկական կողմը զոհեր եւ վիրաւորներ չունի: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ իրենց տեղեկութիւններու աղբիւրը կը հաստատէ, որ հայկական կողմը անմիջապէս հակազդած է ազրպէյճանական գործողութեան, սակայն մշուշի գոյութեան պատճառով յստակ չէ, եթէ հակառակորդը զոհեր ունի. ան կրկին օգտուելով առիթէն փախուստ տուած է:

