Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացքի Աւարտման Առիթով` Շնորհակալութիւն Եւ Ցտեսութիւն
ԶԱՆԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ-ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
Սեպտեմբեր ամսուն մամուլի մէջ կարդացի «Արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացք»-ի յայտարարութիւնը: Վերնագիրը եւ դասաւանդուելիք նիւթերը հետաքրքրութիւնս շարժեցին…
Իբրեւ աշխատող մայր` դժուար պիտի ըլլար շաբաթը երկու անգամ կէսօրէ ետք երեք ժամ տունէն բացակայիլ, սակայն անկրկնելի առիթ էր, ուստի որոշեցի առնել այդ քայլը:
Հոկտեմբեր ամսուն «Արեւմտահայերէնի ծարաւ» 15 «աշակերտներ» հաւաքուեցանք մայրավանքի շրջափակին մէջ, դասարանի մը մեծ սեղանին շուրջ:
Իւրաքանչիւր դասապահի նիւթը միւսէն հետաքրքրական էր… Հայ գրականութիւն, մատենագրութիւն, լեզուագիտութիւն, հայ մշակոյթ, հայ երաժշտութիւն, հայ մամուլ, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, շարահիւսութիւն, մեթոտաբանութիւն, մանկական գրականութիւն…
Դասախօսները` հայ մտաւորականներ…
Դասապահերուն սկիզբը լուռ, հետաքրքիր մտիկ կ՛ընէինք. վերջաւորութեան անձրեւի նման հարցումներ եւ կարծիքներ կը թափէին…
Դասախօսները որքան կու տային, մենք աւելին կը պահանջէինք…
Իւրաքանչիւր դասապահի մատուցուած նիւթին աշխարհը կ՛երթայինք եւ հոն կ՛ապրէինք…
Տարօրինակ ձգողական գաղտնիք մը ունէին դասապահերը, որոնք ընդհանրապէս ճշդուած ժամէն աւելի կը տեւէին:
Հոկտեմբեր ամիսէն յունիսի սկիզբը երկարող «Արեւմտահայերէնի դասընթացքը» լեցուց մեր միտքը եւ հոգին… Վերյիշեցուց, թէ որքա՛ն հարուստ է հայ ժողովուրդը, հայ լեզուն, հայկական մշակոյթը, երաժշտութիւնը:
Մենք գանձ մը ձեռք ձգեցինք այս դասապահերով: Գանձ մը, որ մեր կարգին պիտի բաժնենք մեր զաւակներուն, թոռներուն, աշակերտներուն եւ շրջանակին:
«Արեւմտահայերէնի դասընթացք»-ի աւարտին կ՛ուզեմ նախ խորին շնորհակալութիւն յայտնել վեհափառ հօր, մեր յարգելի եւ սիրելի դասախօսներուն, որովհետեւ մենք բախտը ունեցանք ձեզի նման դասախօսներ ունենալու:
Շնորհակալութի՛ւն, իմ շատ սիրելի դասընկերներուս` մտային եւ ընկերային բացառիկ մթնոլորտին համար:
Ցտեսութի՛ւն, սիրելի՛ դասախօսներ եւ դասընկերներ… Ձեզի համար ապրած անմոռանալի յիշատակներս եւ գիտելիքներս հետս պիտի մնան, ուր որ ալ երթամ…
Յաջողութիւն ապագայի ծրագիրներուն:
13 յունիս 2014

