ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Պաքու այցելութիւնը կ՛ակնկալուի յառաջիկայ շաբաթ:
Պրայզա ընդգծած է, որ հակառակ Քազանի հանդիպումի արդիւնքներէն որոշակի հիասթափութեան, համանախագահներու գործունէութիւնը պիտի շարունակուի:
«Համանախագահներու այցելութեան ճշգրիտ օրը առայժմ յայտնի չէ: Համանախագահներու այցելութեան ուղեցոյցը նոյնպէս տակաւին յայտնի չէ: Հիմնականը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւնները պիտի շարունակուին», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
CATEGORIES Հայկական


