«Լիբանան Գալը Ինծի Համար Հրաշալի Հոգետօն Է, Լիբանանահայը Ապրելու Հզօր, Կենսական Ու Վարակիչ Ուժ Ունեցող Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռոպերթ Ամիրխանեան
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով կիրակի, 6 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ վաստակաշատ երգահան, դաշնակահար, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ իր ուրոյն դրոշմը ունեցող արուեստագէտ Ռոպերթ Ամիրխանեան: Անոր հետ «Ազդակ»¬ի ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ անոր ունենալիք ելոյթին, լիբանանահայ գաղութին մասին անոր ունեցած տպաւորութեան: Մարդկութիւնն ու հայութիւնը յուզող հարցերը, մշակութային ներկայ իրավիճակն ու ազգային արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւս չէին կրնար անմասն մնալ մեր զրոյցէն:
Ստորեւ` Լիբանանի ելոյթին եւ լիբանանահայութեան վերաբերող զրոյցը, իսկ մշակութային եւ ազգային նիւթերուն անդրադարձը` յառաջիկային:
«ԱԶԴԱԿ».- Լիբանան կը գտնուիք Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով` լիբանանահայութեան ներկայացնելու ձեր հեղինակային երգերը: Խնդրեմ անդրադառնանք ներկայացուելիք յայտագիրին:
ՌՈՊԵՐԹ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆ.- Նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այս առիթին համար: Կ՛ուզեմ ըսել, որ համերգային առաջարկը ինծի համար զարմանալի էր, քիչ մըն ալ անսպասելի, միաժամանակ շատ հաճելի: Շրջանային վարչութեան կողմէ ներկայացուած այս առաջարկը` նման համերգով ելոյթ ունենալու, սիրով ընդունեցի, որովհետեւ մշակութային իրադարձութիւն մըն է: Մենք բոլորս կ՛ապրինք քիչ մը հեռու, իրարմէ հեռացած կեանքով: Մեր ներկայ կեանքի խնդիրները, մանաւանդ հայաստանեան կեանքին մէջ, նոր գաղափարներ կը բերեն հաւաքական իրականութեան: Այսօր մարդիկ կարծես թէ իրական մշակոյթի զգացողութիւններէն կը հեռանան եւ կ՛երթան դէպի շուկայի խնդիրները, կ՛երթան դէպի դրամ շահելու խնդիրները, դէպի այն, ինչ որ կեանքը կը ստիպէ, այս պարագային, անշուշտ, ես կը կարծեմ, թէ մենք ինչքա՛ն ալ հեռաւորութիւն ունենանք իրարմէ, իրարու հետ պէտք է անպայման մօտիկ յարաբերութիւններ հաստատենք, կամուրջները վերանորոգենք, որպէսզի մեր հաղորդակցութիւններուն կարելիութիւնը չխզուի: Մարդը, իմ գնահատականովս, ներկայիս մինակ է աշխարհին մէջ: Ան կը գտնուի տեսակ մը նոր փորձութեան մէջ, հետեւաբար մինակ մարդէն միշտ չէ, որ լաւ բան կրնաս սպասել: Ան կը սկսի ապրիլ միայն իր սեփական խնդիրներով, սեփական հետաքրքրութիւններով: Ես ինծի չեմ ուզեր առանձնացնել նմաններէն, ես ալ մարդ եմ, ամէն մարդկային գիծ ու փորձութիւն ինծի ալ ծանօթ է, բայց կը կարծեմ, թէ մենք կը դեգերինք երկու հասկացողութիւններու միջեւ` ի՞նչ բան է իմ «ես»-ս ինծի համար, ի՞նչ բան է իմ հասկացողութիւնս «մենք»¬ի համար: Ես զիս կը նկատեմ «մենք»¬ի մեծագոյն նուիրեալը, եւ այս ելոյթի առաջարկը ինծի համար այդ «մենք»¬ի զգացողութիւնը վերանորոգելու կարելիութիւն է, որուն համար շատ շնորհակալ եմ:
Ծրագիրը ամբողջութեամբ կառուցուած է իմ ստեղծագործութիւններուս վրայ` հին ու նոր, պիտի ըլլան ստեղծագործութիւններ, որոնք առաջին անգամն ըլլալով պիտի հնչեն, բոլորովին նոր, վերջերս գրած եմ: Ես կրնայի ինծի հետ Հայաստանէն բերել լաւագոյն կատարողներէն ոեւէ մէկը, բայց ինծի համար շատ կարեւոր էր տեղւոյն ուժերը նորոգել, գտնել երիտասարդները, մանաւանդ մանկական կամ մեծերու երգչախումբ, առանձին մենակատարներ, անոնց հետ ծրագիր պատրաստել, ծիծեռնակներու պէս վերանորոգել այն բոյնը, որ կը կոչուի ազգային միասնութիւն:
«Ա.».- Սփիւռքահայերը օտար հողերու վրայ կը փորձեն ամէն գնով պահել մշակոյթը ու զայն փոխանցել նոր սերունդին: Այդպիսի կեդրոններէն մէկն է «Լեւոն Շանթ»-ը: Խնդրեմ անդրադառնանք անոր առաքելութեան: Շատեր այն տպաւորութիւնը ունին, թէ ուսումը աւելի անհրաժեշտ է, հետեւաբար մշակութային կեդրոնի մը դերը այնքան ալ մեծ չի կրնար ըլլալ: Իբրեւ վաստակաշատ արուեստագէտ` ձեր փորձառութիւնը ունեցող, խնդրեմ անդրադառնաք այս երեւոյթին:
Ռ. Ա.- Ես չեմ կարծեր, թէ կեանքին մէջ կայ որեւէ ուղղութիւն, որ կրնայ դիտարկուիլ առանձնապէս. օրինակ` կարելի չէ կարեւոր նկատել կրթութեան հարցը բոլոր միւս հարցերէն: Չկայ այդպիսի բան: Յանուն ինչի՞ է այդ կրթութիւնը: Յանուն ընդհանուր ազգային, մշակութային, հոգեւոր արժէքներու կերտուածքին: Պատկերացուցէք ի՛նչ կրթութիւն պիտի ըլլայ այն, որ խարսխուած չէ մշակութային զգացողութեան վրայ: Ասոնք բոլորը ուսումնարաններն են մարդու կեանքին, որուն մէջ ե՛ւ ուսման ուղղութիւնը, ե՛ւ մշակոյթի ուղղութիւնը, ե՛ւ քաղաքականութեան, ե՛ւ մարմնակրթութեան տարբեր ուղղութիւններ բոլորը միասին պէտք է ըլլան: Որեւէ երկրի պատմութեան մէջ, եթէ ան որոշակի չափով հասած է հոգեւոր արժէքի աստիճանի, ուրեմն անոր մէջ բոլոր ուսումնարանները աշխատած են իրենց լիարժէք ուժով: Մշակոյթ հասկացողութեան կորուստը մեզի համար մեծագոյն կորուստն է: Մեր երիտասարդը ծայրայեղ պարագային ուրիշ ուսումնարան, ուրիշ երկիր, տարբեր քաղաք կ՛երթայ կրթութեան համար. գուցէ ներկայիս աշխարհի ամէնէն սուղ հաճոյքը կրթութիւնն է, ես չեմ յիշեր որեւէ ժամանակ, որ այսքան սուղ արժէր ուսման գործընթացը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով, գիրքերով եւ այլն: Գործնական աշխատանքներու համար ծախսուող գումարները հսկայական են, բայց ինծի համար մշակոյթ հասկացողութիւնը ամէն ինչ կ՛ընդգրկէ իր մէջ` մարդու վարքը, գիտակցութիւնը, կրթութիւնը, աշխարհաճանաչութիւնը, ինքնագիտակցութիւնը, իր արժանապատուութիւնը, եւ այս բոլորին համար անշուշտ անպայմանօրէն անհրաժեշտ է հոգալ անոր: Չկայ առանձին որեւէ ուղղութիւն, որ կրնայ կոչուիլ հակադրուող միւս ուղղութիւններուն: Մշակոյթ հասկացողութիւնը լայն հասկացողութիւն է, որուն մէջ կը մտնէ նաեւ կրթութիւնը:
Նման կեդրոն մը պահելը, անոր համար նիւթական ապահովելու առնչութեամբ քայլեր առնելը ողջունելի են: Խորքին մէջ իւրաքանչիւր անձ առհասարակ երգիչի պէս բան մըն է: Երգիչը ոչ թէ ան է, որ կրնայ երգել, այլեւ ան է, որ չի կրնար չերգել: Իւրաքանչիւր մարդ կ՛ընէ ոչ թէ այն, ինչ որ կրնայ ընել, այլ այն, որ չի կրնար չընել: Մենք կ՛ապրինք ոչ թէ որովհետեւ կրնանք ապրիլ, այլ որովհետեւ չենք կրնար չապրիլ: Ահա ա՛յս է մեր ընելիքը:
Ես պատրաստ եմ այս ճանապարհով բուրվառել այս գաղափարը, եթէ կարիք կայ ուրիշ մարդիկ եւս ներգրաւել այս գործընթացին մէջ, պատրաստ եմ օժանդակելու, անշուշտ կան շատ արուեստագէտներ, զորս լաւ կը ճանչնամ, որոնց համար պայմանը կամ նիւթեղէնը երբեք ալ պարտադիր չէ, որպէսզի բան մը ըսեն կամ ընեն: Եթէ ես ինչ որ հոգեւոր արժէքի հետ կ՛առնչուիմ, սիրով կը կիսուիմ ուրիշ մարդու հետ արժէքի զգացողութեամբ, ինչ որ բնական է ու մարդկային:
Մշակութային կեդրոնները պէտք է կարենան խորացնել այն հիմնական շեշտադրումը, թէ առանց ժողովուրդի ստեղծագործական դիմագիծի ամրացման, ժողովուրդի պատմութիւնը գոյութիւն չունի: Այ՛ս է խնդիրը` այն ալ բարձրագոյն հոգեւոր արժէքներուն, ոչ թէ շուկայական:
«Ա.».- Լիբանանահայութիւնը ձեր երգերով ապրած է, հարազատ երգով ու երաժշտութեամբ ազգային նկարագիրը պահպանած գաղութ մըն է: Այսօր կրկին ձեր հեղինակային երգերը հրամցնելու եկած էք: Այս առիթով` ձեր խօսքը լիբանանահայութեան:
Ռ. Ա.- Իրօք ինծի համար հրաշալի հոգետօն է, քանի որ այս հոգետօնին առաջին դրոշմը, բաբախիւնը ես զգացած եմ 1971 թուականին, հիմա արդէն անցած են 43 երկար տարիներ: Այն, ինչ որ ես տեսայ Պէյրութի մէջ այն տարիներուն, աշխարհի մէջ ոչ մէկ տեղ, ոչ մէկ անկիւն տեսած էի կամ տեսայ: Բազմաթիւ երկիրներ այցելած եմ` Աւստրալիա, Եւրոպա, Հարաւային Ամերիկա, ոչ մէկ տեղ այս հոգետօնը տեսայ, ահա այսօր նոյնը կը կրկնուի:
Այդ տարիներուն ես այստեղ առաջին անգամ լսեցի «Գարուն գարուն» երգը: Զարմացայ, թէ այս ի՛նչ կենցաղային երգ է, մեր քով չկար նման բան: Յետոյ այդ երգը Լիբանանէն եկաւ Երեւան: Ասոնք ընդամէնը կենցաղային, քէֆի, անհոգութեան, թռիչքի, պարելու, ուրախանալու բաներ են: Այստեղ ես երջանիկ ապրող մարդու խրախճանքը տեսած եմ, ինչ որ զգօնեցուցիչ էր եւ շատ առողջ կենցաղ: Բայց այս այցելութեամբս կը տեսնեմ, որ լիբանանցին կենցաղային անհոգութեան ճանապարհով չէ գացած, այլ ինքնապաշտպանական հակադարձային խնդիրներ ունի: Որեւէ տարածքին պայթումները հաւանական են, եւ լիբանանահայը պատրաստ պիտի ըլլայ ինքզինք պաշտպանելու, ազգային կերպարը պահելու, ինչ որ հոգեմտաւոր կողմնորոշում է:
Կիրակի օրուան ծրագիրիս մէջ, որուն մէջ շատ քիչ անհոգ երաժշտութիւն կայ, թերեւս մանկական երգեր ներգրաւուած են: Փաստօրէն ես կ՛ուզեմ երկխօսութիւն ունենալ, կ՛ուզեմ ներկաներուն հոգիին հետ խօսիլ, զրոյց ունենալ` հոգեզրոյց:
Ընտրած երգերս բոլորն ալ ծանր են:
Ես ծրագիրը կը սկսիմ երեք անանձնական երգերու շարքով` Միսաք Մեծարենցի «Տո՛ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական», Եղիշէ Չարենցի «Տաղ անանձնական» եւ Վահագն Դաւթեանի «Անձկութիւն» երգը: Անանձնութիւնը կու գայ Նարեկացիէն, անշուշտ, անանձնականի զգացողութիւնը պատմական խոր արմատներ ունի, որոնց միջոցով կը գտնեմ այն հոգեզրոյցը:
Ծրագիրին պիտի մասնակցի Զաքար Քէշիշեանի խմբավարած «Կարկաչ» երգչախումբը, որ մէկ օրուան մէջ արդէն իսկ կրցաւ երկու երգ սորվիլ:
Իմ նպատակս, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, այս երեկոյթը նաեւ տեղական ուժերու մասնակցութեամբ եւ ներդրումով կատարելն է, թէկուզ ոչ մասնագիտական, այդ չէ կարեւորը: Կարեւորը ձեւաւորուելիք ներդաշնակութիւնն ու ներկաներուն եւ բեմին վրայ եղողներուն միջեւ երկխօսութիւնն է:
Ես կը մաղթեմ իմ հարազատ սիրով ապրող լիբանանահայութեան, որ սրահ պիտի գայ լսելու իմ երգս, որ մնայուն կերպով մնայ իր կենցաղին հարազատ, շարունակէ ըլլալ ապրելու ուժ ունեցող այն մարդը, որ ամէն տեսակ դժուարութիւններ, քաղաքական տագնապներ կը դիմակայէ իր ապրելու հզօր կենսական վարակիչ ուժով, եւ այն ժամանակ մենք հաստատ կրնանք շարունակել այն պատմութիւնը, որ մեզի համար սրբազան է, այդ մեր հայրենիքի երջանկութեան պատմութիւնն է:
Ռոբերտ Ամիրխանեան
Հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր զաւակ, վաստակաշատ երգահան եւ հեղինակային երգերու մեկնաբան Ռոբերտ Ամիրխանեան ծնած է 16 նոյեմբեր 1936-ին, Երեւան:
1969-ին կ՛աւարտէ Հայաստանի Պետական Երաժշտանոցը` դառնալով երիտասարդ երաժշտահան: 1969-էն մինչեւ 1972 Ռ. Ամիրխանեան կը պաշտօնավարէ հայկական ձայնասփիւռին մէջ` իբրեւ երաժշտական խմբագիր: Բացառիկ տաղանդով օժտուած Ռ. Ամիրխանեան երիտասարդ տարիքին մուտք կը գործէ հայ երգարուեստի աշխարհէն ներս եւ իբրեւ երաժիշտ, դաշնակահար, էսդրատային ու քնարաշունչ երգի սիրահար` կ՛արժանանայ երաժշտական շրջանակներու բարձր գնահատանքին:
Այդ տարիներուն, կ՛աշխատակցի Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին, ապա` «Կռունկ» եւ իր իսկ հիմնած վոքալ-գործիքային անսամպլներուն մէջ` որպէս գեղարուեստական ղեկավար ու դաշնակահար: Աւելի՛ն. ան նաեւ երաժշտութիւններ կը յօրինէ հռչակաւոր Պոտպամոգովի cartoon film-երուն համար:
Ռ. Ամիրխանեանի հասունացման եւ յաղթանակի տարիները չեն ուշանար: Ան շուտով յաղթանակներ կ՛արձանագրէ միջազգային մրցոյթներու եւ փառատօներու բեմերուն վրայ, Պերլինի մէջ` 1973-ին, «Հայրենասիրական երգի մրցոյթ»-ին, Սոպոտի մէջ` «Էսդրատային երգի միջազգային մրցոյթ»-ին, յետոյ` Պելկրատի, Մոսկուայի, Եուլմալայի, Պէյրութի, Լոս Անճելըսի մէջ եւ այլուր:
Այնուհետեւ կը կազմուին ու կը հրատարակուին իր յօրինած երգերու ժողովածուներն ու ձայնասկաւառակները, իսկ իր երգերը կը մեկնաբանեն հայ եւ օտար հռչակաւոր երգիչ-երգչուհիներ, ինչպէս` Պելլա Դարբինեան, Զ. Տօնիկեան, Է. Եուզբաշեան, Ի. Կոպգոն, Ս. Ռուտարու, Ե. Կապուրովա եւ ուրիշներ:
1991-ին կ՛ընտրուի Հայաստանի Կոմպոզիտորներու եւ երաժշտագէտներու միութեան նախագահ, իսկ 1999-ին` Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ: 24 փետրուար 2011-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ կը պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» բարձր շքանշանով:
2008-ի մարտ ամսուն, Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով կ՛այցելէ Լիբանան եւ կը մասնակցի «Կարկաչ» երգչախումբի տարեկան ելոյթին, որ կը մեկնաբանէ տաղանդաւոր արուեստագէտին երգերէն քաղուած կոկիկ փունջ մը` «Ծիլն արեւին», «Նոր տարի», «Պույպույ մկնիկը» եւ այլ յօրինումներ:
Զանազան մրցանակներու եւ շքանշաններու արժանացած Ռ. Ամիրխանեան ծանօթ անուն մըն է նաեւ ֆիլմաշխարհի մարզէն ներս` իր սքանչելի յօրինումներով: Ներկայիս, ան կ՛ապրի Երեւան եւ կը շարունակէ ստեղծագործել նորարար երիտասարդի նոյն խանդավառութեամբ:

