Մասիփ Տեղափոխուեցաւ Պարսելոնայի Գլխաւոր Խումբ
Պարսելոնայի Բ. խումբի բերդապահ Եորտի Մասիփ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ակումբին գլխաւոր խումբին տոմարներուն վրայ, մինչեւ 2017 թուականը:
25 տարեկան բերդապահին հրաժարագինը կը կազմէ 35 միլիոն եւրօ:
Մասիփ, որ պիտի կրէ թիւ 25 շապիկը, պիտի ըլլայ խումբին երրորդ բերդապահը:
Ամրան ընթացքին խումբէն հեռացան Վիքթոր Վալտես եւ Խոսէ Փինթօ: Զանոնք փոխարինողները հանդիսացան Մարք Անտրէ տեր Շթեկեն եւ Քլաուտիօ Պրաւօ:
CATEGORIES Մարզական

