«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Թենիսի Տարեկան Մրցաշարք` 14 – 26 Յուլիսին

Կազմակերպութեամբ «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 14-26 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ թենիսի տարեկան մրցաշարքը` անոր թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք):

Տեղի պիտի ունենան տարբեր դասակարգերու մրցումներ:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 10 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը:

Մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 11 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Արձանագրութեան համար պէտք է հեռաձայնել հետեւեալ թիւին. 09-640220 (504 բաժին):

Share this Article
CATEGORIES