2014-ի Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Կրնայ Փոխարինումներու Հետ Կապուած Նորութիւն Մը Մտցնել

0407changing-fՄիջազգային մամուլին համաձայն, 2014-ի Մոնտիալին մնացեալ մրցումներուն գծով ՖԻՖԱ-ն կրնայ փոխարինումներու հետ կապուած նորութիւն մը մտցնել:

Սակայն ասիկա կրնայ տեղի ունենալ այն մրցումներուն պարագային, որոնք կ՛երկարաձգուին:

Երկարաձգուելիք մրցումներուն պարագային, ՖԻՖԱ-ն առիթ մը պիտի տայ խումբերուն, որպէսզի իրենց չորրորդ փոխանակումը կատարեն:

Նկատի առնուած է այն, որ մարզիկ մը այդքան երկար խաղալով կրնայ վնասուածք մը ստանալ եւ փոխարինման անհրաժեշտութեան կարիքը կրնայ զգացուիլ:

Share this Article
CATEGORIES