ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` ստանալէ ետք իր կազմած կառավարութեան շնորհուած խորհրդարանի վստահութեան քուէն, երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ դիմաւորուեցաւ պաշտօնական ընդունելութեամբ:
Վարչապետը դիմաւորուեցաւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պուժիի եւ վարչապետարանի անձնակազմին կողմէ:
Վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան նախագահ Ատնան Եուսեֆը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դրամատուներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որ հերքեց սուրիացի անձնաւորութիւններուն գումարները լիբանանեան դրամատուներ փոխանցելու առնչութեամբ շրջան ընող լուրերը:
Միքաթի ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ զօր. Մարուան Շիտիաքի:
Բանակի պատուիրակութիւնը վարչապետին յանձնեց բանակի հիմնադրութեան տարեդարձի նշումին առիթով հրաւէր մը:
Միւս կողմէ, Միքաթի հինգշաբթի երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընթրիք մը սարքած էր ի պատիւ Արաբ իրաւաբաններու համադաշնակցութեան:
Ընթրիքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութիւնը նահատակներուն յիշատակը պիտի չուրանայ եւ ոչ ալ պիտի արտօնէ, որ անարդարութիւն արձանագրուի, ընդհակառակն` ան պիտի ջանայ երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը ամրապնդել:
Վարչապետը նկատել տուաւ, որ Լիբանան կրցած է ընդդիմանալ եւ պայքարիլ երկրի բաժանումին, համայնքային խտրութեան եւ բնակեցումին դէմ` շնորհիւ իր ազգային միասնականութեան:
Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը յանձնառու պիտի մնայ միջազգային ընտանիքին հետ պահպանելու Լիբանանի հեզասահ յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, սակայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցելու առումով Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած անյստակ եւ կասկածոտ կեցուածքին համար:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Մոսկուա յոյս կը յայտնէ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կարենայ ամրապնդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Նշենք նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանան յստակ յանձնառութիւն չէ յայտնած` Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ: