Տի Սթեֆանօ Ծանր Վիճակի Մէջ Տեղափոխուեցաւ Հիւանդանոց
Ռէալ Մատրիտի պատուոյ նախագահ, ֆութպոլի արժանթինցի նախկին աստղ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ նախորդ շաբաթավերջին ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց:
Տի Սթեֆանօ, որ վերջերս բոլորեց իր ծննդեան 88-ամեակը, սրտի կաթուած ունենալով փոխադրուած է տեղւոյն հիւանդանոցներէն մէկը` «Կրեկորիօ Մարանօ»:
Արժանթինեան լրատու գործակալութիւններ անոր առողջական վիճակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չփոխանցեցին:
CATEGORIES Մարզական

