2014-ի Մոնտիալ. Արժանթին Եւ Հոլանտա Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Հոլանտական ուրախութիւն
Շաբաթ, 5 յուլիսին աւարտեցան 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումները, երբ տեղի ունեցան Արժանթին-Պելճիքա եւ Հոլանտա-Քոսթա Ռիքա ճակատումները:
Բնականաբար անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան անունները այն վերջին երկու խումբերուն, որոնք միացան Գերմանիոյ եւ Պրազիլի:
Արժանթին, որ «Էսթատիօ Նասիոնալ տը Պրազիլիա»-ի մէջ աւելի քան 68 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան ճակատեցաւ Պելճիքայի դէմ, 1 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը:
Մրցումին եւ Արժանթինի միակ կոլը նշանակեց Կոնզալօ Հիկուան (8-րդ)` պարտութեան մատնելով Պելճիքայի բերդապահ Թհիպօ Կուրթուան:
Մրցումը եղաւ գրեթէ հաւասարակշռուած: Երկու խումբերն ալ փորձեցին կոլ նշանակել, սակայն այդ ճիգերը որեւէ արդիւնք չտուին:
Օրուան իրաւարարն էր իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի:
Կիսաւարտականին Արժանթին իր դէմ պիտի ունենայ Հոլանտան, որ 120 վայրկեան պայքարելէ ետք միայն փենալթիներով յաջողեցաւ 4 – 3 արդիւնքով յաղթել Քոսթա Ռիքային:
Պէտք է ըսել, որ Հոլանտա աւելի տիրապետեց: Գնդակը անոր մարզիկներուն մօտ եղաւ 64 տոկոսով, իսկ անիկա ձեռք ձգեց 11 քոռնըր, մինչ Քոսթա Ռիքա` միայն մէկ:
Փենալթիներու ընթացքին Քոսթա Ռիքայի մարզիկներէն Պրայըն Ռուիզ (խմբապետ) եւ Մայքըլ Ումանա ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ, մինչ հոլանտացի մարզիկները` Ռոպին Վան Փերսի, Արժեն Ռոպեն, Ուեսլի Շնայտըր եւ Տըրք Քիւյթ չորս փենալթիներն ալ կոլի վերածեցին:
Նշենք, որ Եսփըր Սիլեսեն հանդիսացաւ այդ երկու փենալթիներուն զսպողը եւ անշուշտ` Հոլանտայի յաղթանակը կերտողը:
Օրուան իրաւարարն էր Ռովշան Իրմաթով (Ուզպեքիստան):
8 յուլիսի կիսաւարտականի առաջին մրցումին Պրազիլ պիտի մրցի Գերմանիոյ դէմ, իսկ Հոլանտա Արժանթինի դէմ իր մրցումը պիտի կատարէ 9 յուլիսին: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Փելէ կը ցաւի Նէյմարի կորուստին համար

