50 Տարի Առաջ (8 Յուլիս 1964)
807 Յունահպատակներ Արտաքսուած`
Թուրքիայէն
Սարսափի Ահաւոր Մթնոլորտ
«Յունական կառավարութիւնը կը դատապարտէ Թուրքիա ապրող յունահպատակներու նկատմամբ թրքական կառավարութեան ձեռք առած միջոցներուն դէմ` ի հեճուկս միջազգային դաշնագիրներու, փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան վերաբերեալ սկզբունքներու, մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան օրէնքներուն», յայտարարեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Սթաւրոս Քոսթոփուլոս` մեկնաբանելով 400 յունահպատակներու Թուրքիայէն արտաքսումը: Աթէնքի կառավարութիւնը, աւելցուց ան, մտադիր չէ փոխադարձ միջոցներ ձեռք առնելու Յունաստանի մէջ ապրող իսլամներու հանդէպ:
Միւս կողմէ, պաշտօնական զեկոյցի մը համաձայն, 807 յունահպատակներ արտաքսուած են Թուրքիայէն: Թրքական իշխանութիւնները ետ առին աշխատանքի արտօնագիրները ու փակեցին 450 յոյն քաղաքացիներու խանութները: Ճնշումներ ու ահաբեկչութիւն կը տիրեն դպրոցներու մէջ, կ՛ըսէ զեկոյցը: Անհանդուրժելի ճնշումներու կ՛ենթարկուին յունահպատակներ Իմվրոս եւ Թենէրոս կղզիներուն մէջ, ուր կրթութիւնը այսուհետեւ մասամբ թրքերէնով ըլլայ:
Հարիւր Արաբ Ուսուցիչներ
Հայ Վարժարաններու Համար
Կրթական նախարարութեան պատկան սպասարկութիւնները, քննելով Լիբանանի հայկական վարժարաններու մէջ արաբերէնի ուսուցման կարիքները, թելադրած են, որ յառաջիկայ տարի 100 ուսուցիչներ վերապահուին այդ պաշտօններուն համար:
Այս որոշումը կոչուած է լրացնելու մեծ պակաս մը: Արդարեւ, իբրեւ օրինակ, դպրեվանքի տեղեկագրէն ի յայտ կու գայ, թէ անցնող տարեշրջանին կրթական այդ կարեւոր հաստատութիւնը զրկուած է պետութեան կողմէ տրամադրուած արաբերէնի ուսուցիչէն եւ ստիպուած` իր միջոցներով ապահոված է արաբագէտ հայ ուսանողներ` ուսուցչութեան համար:
Ամերիկա Կ՛օժանդակէ Իրաքեան
Ծրագիրներու Գործադրութեան
Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու իրաքեան այն ծրագիրներու գործադրութեան, որոնք կրնան նպաստել երկրի տնտեսական զարգազման:
Ամերիկեան անկախութեան տարեդարձին` յուլիս 4-ին զուգադիպող յայտարարութեամբ մը Իրաքի ամերիկեան դեսպանատունը վերատեսութեան ենթարկեց այն կարգ մը քայլերը, որոնք անցեաքին առնուած են ի նպաստ Իրաքի զարգացման, եւ ապահովութիւն տուաւ Ամերիկայի այն յարատեւ փափաքին մասին, թէ պիտի մասնակցի յառաջիկայ ծրագիրներու գործադրութեան:
Դեսպանատունը յիշեցուց, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը քաջալերած է ամերիկեան ընկերութիւնները, որ մասնակցին Իրաքի զարգացման աշխատանքին: Այս ձեւով Իրաք բերուած են մասնագէտներ, որոնք պիտի հսկեն պարարտացուցիչներու գործարանի մը կառուցման, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի «Էքսփորթ-Իմփորթ» դրամատունը տրամադրած է երկու երկար փոխատուութիւններ` հարաւային Պաղտատի մէջ ելեկտրակայան մը կառուցելու համար: Դեսպանատան յայտարարութեան մէջ յիշուած էր, թէ դրամատունը տրամադիր է ֆինանսաւորելու իրաքեան այլ ծրագիրներ եւս:
Միացեալ Նահանգները, կը յայտնէ դեսպանատան հաղորդագրութիւնը, պատրաստ են օգնելու երկրի երկրագործական զարգացման զանազան եղանակներով: Անոնք պատրաստ են հովանաւորելու ընկերակցութիւն մը, որ պիտի ֆինանսաւորէ հին Մուսուլի ամբարտակի կառուցումը: Ամերիկեան ընկերութիւն մը կարեւոր դեր ունեցած է այս ծրագրի նախապատրաստական աշխատանքներու պատրաստութեան մէջ, եւ բազմաթիւ ամերիկեան ընկերութիւններ պատրաստ են ձեռնարկելու անոր կառուցման, եթէ հրաւիրուին ամերիկեան կառավարութեան կողմէ:

