Արտադպրոցական Հայեցի Դաստիարակութիւնը Եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը – Գ.-

ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ

shahe-cԵզրակացութիւն

Երիտասարդ սերունդի յատուկ հայեցի դաստիարակութիւնը հաւաքաբար պիտի շարունակեն կատարել ծնողք, ուսուցիչ, եկեղեցի, կազմակերպութիւններ: Ռազմավարական իմաստով, սակայն, հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է ունենայ իրապաշտ պատկերացում եւ ծրագրուած քաղաքականութիւն: Արդ, կը թելադրուի, որ`

– Հայկական վարժարաններու մէջ դպրոցական կրթութիւնը մնայ հիմնական, բայց արտադպրոցական հայեցի դաստիարակչութեան կարեւորութիւնը ստանայ համահաւասար, եթէ ոչ` առաջնահերթ նշանակութիւն:

– Դաստիարակութեան  թիրախը ընդարձակուի, հայ աշակերտութեան  հինգ առ հարիւրէն եւ դպրոցական գրասեղաններէն անդին անցնելով:

– Առաջնահերթ եւ կարեւոր նկատուի հայեցի ոգիով ապրելու եղանակը, անհատի մը կեանքին մէջ գիտակցուած հայկականութեան եւ հայ ինքնութեան հզօրացման զարգացումը, տրուած ըլլալով, որ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը այլեւս չի կրնար ենթադրել անպայման հայկական վարժարան յաճախել եւ հմուտ հայախօս ըլլալ:

– Գաղութներու մէջ շարունակուի արտադպրոցական ուսուցումի կազմակերպուած կառոյցներու ընտրանքը, ըլլայ շաբաթօրեայ հայ լեզուի ուսուցում, մարզական, սկաուտական, արուեստ (երգի կամ երաժշտական դպրոց, պարախումբ), բայց սկսի կանուխ տարիքէն (6 տարեկանէն) եւ ընթանայ հետեւողականութեամբ եւ համադրումով:

Ինչպէս դպրոցական դաստիարակութեան պարագային, արտադպրոցական դաստիարակչական կառոյցներու յատուկ մարդուժ եւ պիւտճէ ծրագրուի եւ համապատասխան կրթանպաստ յատկացուի:

– Արտադպրոցական դաստիարակութեան ծիրին մէջ նոյնանման առաքելութիւններով ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւն ստեղծուի:

Արտադպրոցական ծիրէն ներս ՀՄԸՄ կարեւոր կառոյց մըն է, որուն նպաստը եւ ներուժը թերագնահատուած է: Հայեցի դաստիարակութեան իր առաքելութեան իբրեւ լուծում` ՀՄԸՄ ունի գործնական մօտեցում, հետեւեալ ձեւով.-

– ՀՄԸՄ 4-6 տարեկանէն, հետեւողական կերպով, արեւմտեան սփիւռքի եւ այլուր բնակող փոքրիկներուն կ’ընծայէ  ազգային ոգի եւ պատկանելիութեան զգացում մշակելու մթնոլորտ, այս ձեւով կանուխ տարիքէն եւ իւրացուած վարժութեամբ  զիրենք կապելով հայութիւնը յուզող խնդիրներու:

Իր ռազմավարական ծրագիրով`

– ՀՄԸՄ այլեւս բաւարարուած չէ Միջին Արեւելքէն գաղթած շրջանակով, եւ սկսած է հայեցի դաստիարակութեան կարկինը ընդարձակել դէպի բոլոր ենթամշակոյթներու պատկանող հայ երիտասարդները:

– ՀՄԸՄ կարելիութիւններ կը մշակէ օտար վարժարան յաճախող պատանիները իր շարքերուն մէջ ներգրաւելու` անոնց մօտ հայկական արեւելում յառաջացնելու նպատակով, թէ՛ մարզական եւ թէ՛ սկաուտական ծրագիրներով: Այս նպատակին յաջողութիւնը կը կարօտի յարաբերական աշխատանքի  եւ մասնագիտացած  երիտասարդ խորհրդատուներու (Youth Counselors), որոնք հետեւողական ներկայութիւն են եւ պատշաճ վճարումի կը կարօտի:

Յաւելեալ ուշադրութիւն պէտք է ներկայացնէ`

– Հայերէնով դիւրին արտայայտուող անդամներու կողքին մօտենալու նաեւ հայերէնով դժուար արտայայտուող խաւին` փորձելով հայախօսութեան մակարդակը բարձրացնել անոնց մօտ, երիտասարդ խմբապետներու կողքին` փորձառու, հայ լեզուին ծանօթ աւագ խորհրդատու անձերու (Mentors) օժանդակութեամբ:

– Որդեգրելով նոր քաղաքականութիւն մը` յատուկ թիրախ ունենալ ոչ հայախօս բոլոր պատանիները եւ երիտասարդները: ՀՄԸՄ ասիկա կրնայ ծրագրել միջմիութենական, միջկառուցային գործակցութեամբ, ի մասնաւորի ՀՕՄ-ի, Համազգայինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ գործակցութեամբ: Այդ ձեւով, հայկական վարժարաններու կողքին, եւ անոնց զուգահեռ, կը ստեղծուի արտադպրոցական կառոյց մը, որ զարկ կու տայ հայախօսութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան:

Նման կառոյցներ եւ ուղեկից միութիւններ հաւանաբար տալիք եւ ըսելիք պիտի ունենան արտադպրոցական հայեցի դաստիարակութեան համակարգի ստեղծման մասին: Յաջող ռազմավարութիւն մը կը պահանջէ լայնախոհութիւն, ուժերու համադրում եւ համագործակցութիւն: Արտադպրոցական դաստիարակչական  ռազմավարութիւն մը մշակելու, գործադրութեան ուղեցոյց մը ունենալու եւ  այս գծով իր դերակատարութիւնը յստակացնելու եւ գործադրութեան անցնելու համար ՀՄԸՄ-ի անմիջական քայլերը պէտք է ըլլան հետեւեալները.-

– Արտադպրոցական  դաստիարակութեան համահաւասար կարեւորութեան այս գնահատումը փոխանցել ազգային այլ կառոյցներու ղեկավարութեանց: Այս գծով անհրաժեշտ է համագործակցութեան դաշտերն ու անհրաժեշտութիւնները ճշդել, ինչպէս նաեւ` ուժերու համադրում կատարել ՀՕՄ-ի, Համազգայինի եւ ազգային առաջնորդարաններու  հետ: ՀՄԸՄ կը հայթայթէ խմորը, արտադպրոցական աշակերտութիւնը,  իսկ վերոնշեալ ազգային կառոյցները` դաստիարակներու կորիզը (դաստիարակ պատրաստելը այլ հիմնական կէտ է): Այս ձեւով, հայկական վարժարաններու կողքին եւ անոնց զուգահեռ, կը ստեղծուի արտադպրոցական կառոյց մը, որ զարկ կու տայ հայախօսութեան եւ հայեցի  դաստիարակութեան: Կարեւորը գաղափարը որդեգրելն է, գործադրութեան դիւրին կամ բարդ ըլլալը եւ գործնականացումը բնականաբար ուսումնասիրութեան կը կարօտի:

– Հայոց լեզուի եւ հայկական արեւելումով արտադպրոցական  դաստիարակութեան համար յատուկ մարդուժ եւ նիւթական ապահովել: Ժամանակը հասած է, որ այս գծով ՀՄԸՄ իր ծրագիրը ներկայացնէ եւ խորհրդակցութիւններ ունենայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին հետ, ազգային առաջնորդարաններու, ազգային այլ կառոյցներու ղեկավարութիւններու, ինչպէս նաեւ` հայեցի դաստիարակութեան ջատագով ազգայիններու եւ բարերարներու հետ:

 

 

Լոս Կաթոս, Քալիֆորնիա

 

(Շար. 3 եւ վերջ)

 

Share this Article
CATEGORIES