2014-ի Մոնտիալ. Այսօր` Պրազիլ – Գերմանիա Կիսաւարտականի Ճակատումը

Մարքօ Ռոտրիկեզ
Երկու օրուան դադարէ մը եւ հանգիստէ ետք, այսօր` երեքշաբթի, 8 յուլիսին կը վերսկսին 2014-ի Մոնտիալի մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Պրազիլի մէջ:
Մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Պրազիլ, այսօր բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ կիսաւարտականի առաջին ճակատումին պիտի ճակատի Գերմանիոյ դէմ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 23:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
ՖԻՖԱ-ին կողմէ այս Մոնտիալին 61-րդ մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է 40 տարեկան մեքսիքացի Մարքօ Ռոտրիկեզ:
Ան այս Մոնտիալին սուլեց Պելճիքա – Ալճերիա եւ Իտալիա – Ուրուկուէյ մրցումները:
Ան ՖԻՖԱ-ին կողմէ կը նկատուի բաւական վստահելի իրաւարար մը:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, երբ միեւնոյն ժամուն իրարու դէմ պիտի մրցին Արժանթին եւ Հոլանտա:

