Պարսելոնայի Մէջ Սկսան Ծախուիլ Սուարեսի Անունը Կրող Մարզաշապիկները
Պարսելոնայի մէջ գտնուող մարզական գոյքեր վաճառող հսկայ վաճառատան մը մէջ սկսան ծախուիլ Լիվըրփուլի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեսի անունը կրող մարզաշապիկները:
Այս մարզաշապիկները արտադրողները կը կարծեն, որ Պարսելոնայի միանալէն ետք Սուարես դաշտ պիտի ներկայանայ կրելով թիւ 9 շապիկը, որ այժմ կը պատկանի չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սուարեսի: Սակայն վերջինս շատ հաւանաբար մօտ օրէն միանայ Չելսիի:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Պարսելոնա եւ Լիվըրփուլ արդէն իսկ գրեթէ համաձայնած են Սուարեսի քաթալոնիական ակումբ փոխանցման շուրջ, եւ ադ գծով շուտով պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի:
CATEGORIES Մարզական

