Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ արձակուրդի մէջ էք, ոչ մէկ բանի մասին մտածեցէք: Հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն, լաւատեսութեամբ դիմակելեցէք ամէն հարց:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շուկայ երթալով գնում կատարելու պահուն ամէնէն սուղին մի՛ երթաք, այլ գտէք այն վաճառատուները, ուր զեղչեալ գիներով ապրանք կը ծախեն. կ՛օգտուիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լեցուն գաւաթին կէսը կը տեսնէք: Ձեր այս կեցուածքը փիլիսոփայութիւն է, որ կը գոհացնէ ձեզ եւ կ՛երջանկացնէ: Իմաստութիւնը կարեւոր է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճիգ մը ըրէք ձեր շուրջի անձերը հանգիստ ձգելու: Ամէն ճշմարտութիւն ըսելը այնքան ալ ճիշդ չէ: Դիւանագիտութեամբ խօսեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրինակելի վերաբերում եւ կեցուածք պիտի ունենաք աշխատանքի մէջ: Այսպիսով ձեռք բերուած արդիւնքն ալ` հիանալի: Մնացէք նոյն դիրքով, կը շահիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամառնային այս եղանակին սէրն ալ կ՛ենթարկուի յատուկ ճաշակի: Պիտի զգաք գեղեցկութիւնը սիրալիր յարաբերութեան, որ կ՛երջանկացնէ անկասկած:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր յարաբերութիւնը հաստատեցէք բարեկամական կապով, երկար ժամանակի համար: Այս տրամադրութիւնը ձեզ կ՛երջանկացնէ եւ դրական մտածումներով կը շարունակէք ձեր բարեկամութիւնները:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ունիք նոր պաշտօնեաներ կամ նոր գործակիցներ, անոնց հետ վարուեցէք բարեացակամ կեցուածքով, որովհետեւ անոնք նոր կ՛ընտելանան գործին:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տնտեսական լաւ գործառնութիւն պիտի ունենաք այս ամառ: Պիտի կարենաք գոհացնել ձեր փափաքը այս կապակցութեամբ: Օրը ունի օգտակար անցուդարձեր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի կարենաք գտնել նոր տեղ մը հանգստանալու, ճիշդ ժամանակին: Պատրաստ եղէք օրուան հարցերը լուծելու լաւ տրամադրութեամբ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հետեւեցէք խրատներուն անոնց, որոնք գիտեն, ինչ որ օգտակար է առողջութեան համար: Հետեւեցէք իմաստուն մարդոց խօսքերուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարեկամութեան համար լաւ վերաբերում մը կ՛ուղղուի դէպի անձին սիրտը: Արդարամիտ եղէք եւ ոչ հակառակը: Մարդիկ կը դիտեն ձեզ:

Share this Article
CATEGORIES