Գերմանիոյ Պերկշթրասէի Շրջանի Կառավարիչն Ու Հայաստանի Մէջ Գերմանիոյ Պատուոյ Հիւպատոսը Այցելեցին «Ազդակ»-Ի Խմբագրատուն

DSC09497Երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին Գերմանիոյ Պերկշթրասէ շրջանի կառավարիչ Մաթիաս Վիլքես եւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ պատուոյ հիւպատոս դոկտ. Սիվըն Պրայըն Ֆերա: Անոնք հանդիպում ունեցան «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ծանօթանալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն անոնց կատարած այցելութեան ու տպաւորութիւններուն, Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հարցով աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Պերկշթրասէ շրջանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին առիթով նախատեսուած քայլերուն:

Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավար միութեան անդամ պաշտօնատարները նաեւ խօսեցան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն կացութեան եւ լիբանանահայութեան վերաբերեալ իրենց տպաւորութիւններուն մասին:

«Ազդակ» յառաջիկային ընթերցողներուն պիտի ներկայացնէ հանդիպումին մանրամասնութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES