2014-ի Մոնտիալ. «Պրազիլ Շատ Արագ Ձեւով Պէտք Է Արթննայ» Կ՛ըսէ Ալտօ Ռեպելօ

Արտօ Ռեպելօ
Մարզական լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պրազիլի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ալտօ Ռեպելօ յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլը շատ արագ վերածնունդի մը կարիքը ունի:
«Այն ինչ որ պատահեցաւ Գերմանիոյ հետ, իսկապէս կարելի է մեծ աղէտ մը նկատել: Ամէնէն արագ ձեւով Պրազիլ պէտք է արթննայ եւ զգայ կատարուածին տարողութիւնը: Պատահածը իսկապէս շատ ցնցիչ էր բոլորին համար», ըսաւ Ռեպելօ:
Այլ յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆ ըսաւ. «Պրազիլի ֆութպոլը պէտք է վերանորոգուի: Պրազիլ պէտք է դադրի մարզիկներ արտածելէ: Երբ ասիկա տեղի կ՛ունենայ, կ՛ըլլայ ի հեճուկս երկրի ֆութպոլին յառաջդիմութեան»:
CATEGORIES Մարզական

