ԴԱՄԱՍԿՈՍ – ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիական դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն կողմէ` Սուրիոյ մէջ ցուցարարներու նկատմամբ կիրարկուած բռնարարքներուն դէմ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը նկարահանումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր իր մօտ կանչած է Ուաշինկթընի մէջ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆան եւ անոր փոխանցած այդ քայլին նկատմամբ իր «մտահոգութիւնը»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ իր մօտ կանչած է Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, եւ առանց նախարարութեան հաւանութեան անոնց Համա այցելութեան առնչութեամբ ներկայացուցած է իր բողոքը: Նախարարութիւնը կը նշէ, որ խնդրոյ առարկայ դեսպանները իրենց այդ քայլով խախտած են դիւանագիտական յարաբերութեանց շուրջ Վիեննայի ուխտին 41-րդ յօդուածը, որ կ՛արգիլէ իրենց առաքելութեան վայրը եղող երկրին ներքին հարցերուն միջամտել:
Նախարարութիւնը կը նշէ, որ «ամերիկացի եւ ֆրանսացի դեսպաններուն Համա այցելութիւնը Սուրիոյ ներքին հարցերուն յստակ միջամտութիւն մըն է» եւ կը հաստատէ Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը թիրախ դարձնող արտաքին միջամտութեան մը գոյութիւնը:
Մինչ այդ, երէկ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհի նախագահութեամբ ընթացք առաւ Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը:
Շարեհ յոյս յայտնեց, որ ընթացք առած երկխօսութեան ճամբով Սուրիան յայտարարուի իբրեւ բազմակուսակցական, ժողովրդավարական եւ իր բոլոր քաղաքացիներուն պատկանող պետութիւն մը: Ան նշեց, որ այս երկխօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ, մինչ երկիրն ու շրջանը վտանգաւոր ժամանակներ կը դիմագրաւեն: Շարեհ արտաքին լրատուամիջոցները ամբաստանեց ճշմարտութենէն հեռու ըլլալու յանցանքով:
Նախկին երեսփոխան Մոհամետ Հապաշ իր արտասանած խօսքին մէջ քննադատեց երկրին կառավարման ներկայ կերպը, որ հիմնուած է ապահովական ուժի եւ խօսքի ազատութեան ու ազատ կարծիքի ճնշման վրայ: Ան կացութենէն իբրեւ ելք առաջարկեց աշխատանք տանիլ ապահովական պետութեան վերջ տալու գաղափարին վրայ: