ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐՆ ՈՒ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի գաղտնի արխիւներու հրապարակման լուրը տակաւ լուսարձակներ կը կեդրոնացնէ իր վրայ: Ամէն բանէ առաջ անշուշտ ընտրուած ժամանակահատուածը մտածել կու տայ քաղաքական հաւանական շարժառիթներու եւ ա՛յս պահուն Թուրքիոյ վրայ նոր ճնշամիջոցներ գործադրելու մասին: Ի հարկէ բացարձակ հաստատումներ կատարելը այս ուղղութեամբ յարիր չէ քաղաքական տրամաբանութեան: Այսուհանդերձ, հարցադրումը պարտադիր է: Ինչո՞ւ հիմա՛ կ՛որոշէ Վատիկանը հրապարակել այս ժամանակաշրջանին կտրուածքով եւ տուեալ ժամանակի պարունակին մէջ տեղադրուող Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւները:

Վատիկանի օրուան դիրքորոշումները, Լեւոն ԺԳ. պապին յորդորները սուլթան Ապտուլ Համիտին, պապական ներկայացուցիչներուն տեղեկագրումները իրադարձութիւններուն մասին` այս ամբողջը պիտի գան լուրջ հարուած հասցնելու Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: Անկէ առաջ սակայն, անհրաժեշտ է պատկերացնել Վատիկանի կատարելիք հրապարակումներուն ունենալիք հաւանական ազդեցութիւնը քրիստոնեայ աշխարհին վրայ` հայ ժողովուրդի ցեղասպանեալ կարգավիճակը արմատապէս համոզիչ դարձնելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւններուն վրայ:

Ճիշդ է: Պէտք է սահմանազատել հասարակութեան մօտ ստեղծուելիք համոզումն ու պետութիւններու որոշումներուն վրայ ունենալիք վճռորոշ հանգամանքը: Երկրորդին պարագային իրադրութիւններու ճշմարտացիութիւնը բաւարար չէ դիրքորոշուելու` իրերը իրենց անուններով կոչելու համար: Սակայն, վերադառնալով քաղաքական շարժառիթային տրամաբանութեան, պահու ընտրութիւնը` նման արխիւներու հրապարակման, առնուազն կրնայ նախանշել համաեւրոպական տրամադրուածութիւն մը` կարեւոր ճնշամիջոց գործադրելու համար Թուրքիոյ դէմ:

Ի վերջոյ Վատիկանի արխիւներու համապատասխան խորհուրդը միայն գիտականութենէ եւ արխիւագիտութենէ թելադրուած ըլլալու չէ` նման որոշումներ կայացուցած ըլլալու համար:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով ենթադրելի է որոշ չափով, թէ որքա՛ն անհանգստութիւն պատճառած կ՛ըլլան Վատիկանի այս բաժանմունքի պատասխանատուները իրենց այս որոշումով` ժխտողականներուն համար: Թրքական մամուլը աշխուժացած է այս ուղղութեամբ: Թրքական «Վաթան»ը փութկոտութեամբ դիմած է Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու գերապայծառ Սերժիօ Փականոյին` այս մասին տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով:

Վատիկանի պաշտօնատարին հայթայթած սեղմ տեղեկութիւնները յատկանշուած են մանաւանդ հայ մանուկներուն նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած ջարդերու նկարագրականով: Բացի զգայացունց նկարագրականներէն, Վատիկանի հոգեւորականին ընտրած նիւթը` հայ մանուկները, հիմնովին կը հարուածէ թրքական ժխտողական քաղաքականութեան հիմերը: Այստեղ համայն մարդկութեան գութը շարժող եւ ընդվզումի ալիքի բարձրացման իրողութեան առընթեր կը չէզոքացուին թրքական թեզերը` զինեալ բախումներու, երկկողմանի զոհերու, ռուսական բանակներուն օգնած ըլլալու եւ զանգուածային «տեղափոխութիւն» կազմակերպած ըլլալու: Տեղեկութիւններու այս նմուշին մէջ, պարզապէս մանուկներուն նկատմամբ գործադրուած ջարդի վկայութիւններուն մասին է խօսքը:

Վատիկանէն ուզուած բացատրականին դիմաց այս նախաբանը բարացուցական է: Կաթողիկէ աշխարհի կեդրոնէն հրապարակելի արխիւներու այս ահազանգը կրնայ բեկումնային նշանակութիւն ունենալ ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան, իրողականութեան եւ անհերքելիութեան ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն համար: Վատիկանի արխիւները յայտնապէս նկատառելի լուսարձակներ պիտի շարունակեն խլել այս թղթածրարով զբաղող գիտական շրջանակներէն:

Հայկական կողմին համար, այս կարեւոր իրականութիւնը պարզապէս պիտի վերհամոզէ, որ փաստացիութեան  հանգրուանը աւելիով ամրագրուած է եւ պահն է հատուցման իրաւականութեան ուղղութեամբ ուժերը կեդրոնացնելու:

Share this Article
CATEGORIES