Պեքընպաուըր Կը Հաստատէ, Որ Քրոս Պիտի Տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ

1307franz_beckenbauerՊայէրն Միւնիխի պատուոյ նախագահ Ֆրանց Պեքընպաուըր նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին հաստատեց, որ խումբի միջնապահ Թոնի Քրոս պիտի տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ:

«Ցաւալի է, որ ակումբը պիտի կորսնցնէ Քրոսի նման լաւ ֆութպոլիստ մը: Բայց եւ այնպէս կը հասկնամ, որ այն փորձը, որ ան կրնայ ստանալ Ռէալ Մատրիտէն, անգնահատելի է անոր համար», Պեքընպաուըրի խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am` օգտագործելով «Մարքա»-ին հրապարակած մէկ լուրը:

 

Share this Article
CATEGORIES