Կռփամարտ. Հայրենի Կռփամարտիկները Մրցանակներով Վերադարձան Սերպիայէն
Նախորդ շաբաթավերջին Սերպիոյ մէջ աւարտեցաւ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 երկիրներու շուրջ 250 երիտասարդ կռփամարտիկներ:
ArmSport.am-ը, օգտագործելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած մէկ լուրը, կը յայտնէ, որ բաւական ներկայացուցչական եւ զօրաւոր կազմ հաւաքած այս մրցաշարքին Հայաստանի 9 մարզիկներէն 6-ը բարձրացան փոտիում:
Իր բոլոր մրցակիցներուն յաղթեց եւ ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Անուշ Գրիգորեան, որ աւարտականին յաղթեց իր հնդիկ մրցակիցին:
69 քկ դասակարգին մէջ Տիգրան Մելքոնեան եւ 81 քկ դասակարգին մէջ Նարեկ Մանասեան տիրացան արծաթ մետալի, իսկ Սպարտակ Թամարեան (56 քկ), Արմէն Մխիթարեան (64 քկ) եւ Գնել Մուրատեան (գերծանր կշիռք) տիրացան պրոնզ մետալին:
Այս մրցաշարքը շատ կարեւոր եղաւ Անուշ Գրիգորեանի եւ Նարեկ Մանասեանի համար, որոնք օգոստոսին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն պատանիներու ողիմպիական խաղերուն:

