Հայաստանի Կառավարութիւնը Մտադիր Է Փերինչեքի Գործին Մէջ Ներգրաւուելու Իբրեւ Երրորդ Կողմ

Գէորգ Կոստանեան
Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեան յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեքի գործին մէջ ներգրաւուելու իբրեւ երրորդ կողմ:
Ան ըսաւ, որ որոշումը որդեգրուած է եւ մինչեւ 26 օգոստոս Հայաստանը պաշտօնապէս դիմում պիտի ներկայացնէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին` իբրեւ երրորդ կողմ ներգրաւուելու համար:
Կոստանեան չմանրամասնեց գործողութիւնները, զորս պէտք է կատարէ հայկական կողմը, միայն շեշտեց, որ հայկական կողմը լուրջ ու վճռական տրամադրուած է, եւ ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ստեղծուի փաստաբանական խումբ` գործին մէջ յաջողութեան հասնելու համար:
CATEGORIES Հայկական

