«Յոյսով Եմ, Որ 2010-էն Աւելի Մրցանակներու Կը Տիրանանք Այս Տարի» Ըսաւ Հրաչեայ Ռոստոմեան
Օգոստոսին Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան պատանիներու ողիմպիական խաղերը:
Այս առիթով ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանին հետ:
Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.
«Նախ պէտք է առանց ուրախութիւնս պահելու ըսեմ, որ Նանճինկ մեկնող մեր բոլոր` 14 մարզիկներն ալ վարկանիշ ունին: Անոնց կարգին են աշխարհի, Եւրոպայի ախոյեաններ եւ մրցանակակիրներ:
«Նշեմ, որ բոլոր աշխատանքները եղած են Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահին ուշադրութեան արժանի եւ իրականացած Գագիկ Ծառուկեանի անձնական հովանաւորութեամբ:
«Մարզական աշխարհին մէջ, կանխատեսումներ կատարելը այդքան ալ ճիշդ չէ, սակայն կարեւոր է արդարացիօրէն գնահատել մեր մարզական կարելիութիւնները: Իմ կարծիքս այս է եւ կը յուսամ, որ 2010-էն աւելի մրցանակներու կը տիրանանք այս տարի:
«Չինաստան մեկնողները այն մարզիկներն են, որոնք պիտի հանդիսանան մեր ողիմպիական ապագայ աստղերը եւ անոնցմով պիտի համալրուի Հայաստանի 2020-ի ողիմպիական խաղերուն հաւաքականը:
«Ողիմպիական ախոյեանները եւ մրցանակակիրները նիւթապէս խրախուսելու առումով կրնամ ըսել, որ անոր զուգահեռ նուազ կարեւոր չէ նաեւ մարզումներուն համար ստեղծել անհրաժեշտ պայմանները, ինչ որ ներկայիս կ՛իրագործուի Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ:
«Անոր զուգահեռ, անփոփոխ կը մնայ նաեւ պետական աջակցութեան դրամական պարգեւատրումը, իւրաքանչիւր մետալի համար, ըլլայ այդ մէկը ոսկի, արծաթ կամ պրոնզ»:

