ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍՈՒՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ օր Հայաստան ճանչցաւ Հարաւային Սուտանի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այս առնչութեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հարաւային Սուտանի Հանրապետութիւնը` որպէս անկախ պետութիւն:

«Հարաւային Սուտանում անկախ պետականութեան հռչակումը ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի իրականացում է եւ հակամարտութիւնների քաղաքակիրթ հանգուցալուծման եւս մէկ օրինակ»:

 

Share this Article
CATEGORIES