Հաղորդագրութիւն

1707zomaganner10-րդ տարին ըլլալով, այս տարի եւս Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը կազմակերպէ իր տարեկան «Դէպի երկիր» գործուղումը: Երէկ գիշեր 14 ԶՈՄ-ականներ Պէյրութէն մեկնեցան Երեւան, ուրկէ խումբը պիտի բաժնուի չորսի, ըստ շրջաններու:

Հայաստանի Կոտայքի մարզին մէջ` «Կոտայքը իմ տունն է» խորագիրով ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Քանաքեռաւան եւ Չարենցաւան շրջաններուն մէջ: Զուգահեռաբար, Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Քաշաթաղը իմ տունն է» ճամբարը, Բերձոր եւ Կովսական շրջաններուն մէջ:

Նախատեսուած մասնակցող պատանիներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 350 պատանիներու: Մշակուած ծրագիրը կ՛ընդգրկէ ազգային, պատմական, մշակութային, դաստիարակչական եւ ընկերային բնոյթի ներկայացումներ, աշխատանքներ եւ խաղեր: Գործուղումը իր աւարտին պիտի հասնի 3 օգոստոսին:

ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES