Քրուս Միացաւ Ռէալ Մատրիտի
Երէկ, գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուս լքելով իր ակումբը` Պայէրն Միւնիխը, միացաւ Ռէալ Մատրիտի, փոխան 25 միլիոն եւրոյի:
24 տարեկան Քրուս, որ 6 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց սպանական ակումբին հետ, բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք միայն միացաւ մայրաքաղաքի կազմին:
Նշենք, որ ան արքայական ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 8 շապիկը:
CATEGORIES Մարզական

