Կը Սիրե՞ս Ֆութպոլ Խաղալ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ֆութպոլի մեծ տօնը աւարտեցաւ, սակայն ֆութպոլի սիրահարները պիտի շարունակեն միշտ ֆութպոլի մրցումներ դիտել եւ ֆութպոլ խաղալ: Իսկ գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ ֆութպոլ խաղալու տարբերակներ…
Ֆութ Ֆրիսթայլ
Ծնունդ` 2001-ին, ծանուցումի մը մէջ: Ռոնալտինիօ այս վերջին տարիներու ամէնէն նշանաւոր մարզիկներէն մէկն է: 2001 թուականին պրազիլցի ֆութպոլի այս «արուեստագէտը» ծանուցումի մը մէջ գնդակով ցուցադրութիւն մը ըրաւ: Այս կարճ տեսահոլովակը ազդեց մարզիկներուն վրայ, եւ անոնք ստեղծեցին նոր մարզաձեւ մը, որ իրարու կը խառնէ ֆութպոլը եւ լարախաղացութիւնը: Ի՞նչ է խաղին սկզբունքը: Գնդակով խաղալ մարմնին տարբեր մասերով եւ ամէնէն տարօրինակ ձեւերով` առանց գնդակը գետին ձգելու:
Դուն կրնաս ֆութ ֆրիսթայլը խաղալ փորձել որեւէ մէկ տեղ` պարտէզին մէջ, դաշտի մը մէջ…
Պիչ Սաքըր
Ծնունդ` 1992-ին, Միացեալ Նահանգներ: Ասիկա ֆութպոլին «ծովափի» տարբերակն է: Բերդապահ մը ընդգրկող հինգ անձերէ կազմուած երկու խումբեր իրարու դէմ կը մրցին աւազին վրայ: Մրցումին տարածքը աւելի փոքր է, քան` ֆութպոլի իսկական դաշտը: Մարզիկները բոպիկ կը խաղան, իսկ գնդակը կակուղ է: Աւազը վազքը կը դանդաղեցնէ եւ առիթը չի տար շատ բարձր ցատկելու. սակայն նոյն ատեն անիկա աւելի կակուղ է եւ այս ձեւով կարելիութիւնը կու տայ գնդակը ստանալու կամ ղրկելու կրկէսային շարժումներու:
Դուն կրնաս «պիչ սաքըր» խաղալ անշուշտ ծովափին: Սակայն դաշտիդ սահմանները գծէ անձեռոցներուն վրայ երկնցած մարդոցմէ հեռու, այլապէս խաղը կրնայ անհաճոյ պահեր ստեղծել…
Ֆութպիւլ
Ծնունդ` 2012-ին, Նորվեկիա: Վստահաբար ասիկա ամէնէն հաճելի տարբերակն է: Օրէնքները սովորական ֆութպոլի խաղի մը օրէնքներուն նման են. սակայն իւրաքանչիւր խաղցող արգելափակուած է հսկայական փուչիկի մը մէջ` ուրկէ դուրս կը մնան միայն ոտքերը: Մտահոգուելու պէտք չկայ. խաղցողը կրնայ շնչել: Նման պաշտպանողական դրութեամբ մը կարելի է հակառակորդին վրայ յարձակիլ եւ զայն գետին ձգել: Նուազագոյն ցնցումին խաղցողները կ՛իյնան եւ անմիջապէս ետ կը ցատկեն: Կոլ նշանակելը դիւրին չէ, բայց խաղը շատ հաճելի է:
Ֆութկոլֆ
Ծնունդ` 2009-ին, Հոլանտա: Ասիկա հանդիպումն է ֆութպոլի եւ կոլֆի խաղերուն: «Ֆութկոլֆողները» կը խաղան խոտէ եւ յատուկ սահմաններ ունեցող «ճամբու» մը մէջ: Ըստ կոլֆի սկզբունքին, անոնք գնդակին կը զարնեն, մինչեւ որ զայն ծակի մը մէջ մտցնեն: «Ճամբան» որոգայթներով լեցուն է. ջուրով տարածք, ծառեր, զառիվայր եւ այլն: Խաղցողները կը սկսին զօրաւոր հարուածներով` մօտենալու համար նպատակակէտին: Ապա պէտք է զգուշութեամբ խաղալ` ծակին հասնելու համար: Ամէնէն կարեւորը ոճն է: Ինչպէս կոլֆի պարագային, վայելուչ կերպով հագուած մասնակցիլը մաս կը կազմէ խաղի ընդհանուր ոգիին:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Միջին դարերու ճափոնցի կայսր մը արգիլած էր միս ուտել:
– Ք. Ա. 75 թուականին հռոմէացի Յուլիոս կայսրը անգամ մը ծովահէններու կողմէ առեւանգուած էր:
– Միջին դարերուն, Ք. Ե. 500-1000 թուականներուն, միայն հարուստ մարդիկը ճերմակ հաց կ՛ուտէին:
– Մօտաւորապէս 3 միլիոն ընկղմած նաւեր կը հանգչին ովկիանոսներու խորերը:
– 1553 թուականին 16 տարեկան լէյտի Ճէյն Կրէյ Անգլիոյ թագուհի եղաւ միայն 9 օրուան համար:
– Մեզի ծանօթ աշխարհի ամէնէն հին երաժշտական գործիքը 42,000 տարեկան անգղի ոսկորէ շինուած սրինգ մըն է:
– 1840 թուականին Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհին 454 քիլօ պանիրի կլոր կտոր մը ստացաւ իբրեւ ամուսնութեան նուէր:
– 1800-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները կրնային բանտարկուիլ, եթէ անոնք տունէն դուրս տաբատ հագած ըլլային:
– 1500-ական թուականներուն սկիզբը Մեքսիքոյի ազթեքները փոփքոռնը իբրեւ գոհարեղէն կը գործածէին:
– Ք. Ե. առաջին դարուն հին յոյները կը հաւատային, թէ հազարին հիւթը քնանալու կ՛օգնէր:
– 1856-1861-ի միջեւ Թեքսասի սահմանին վրայ կարգ մը ամերիկացի ոստիկաններ ձիերու փոխարէն կը գործածէին ներածուած ուղտեր` շրջուն հսկողութիւն կատարելու համար:
– 1861-1862 թուականին Սիամի (ներկայի Թայլանտ) Ռամա 4-րդ թագաւորը առաջարկեց փիղեր ղրկել` իբրեւ նուէր ամերիկացի նախագահին: Նախագահ Աբրահամ Լինքոլն մերժեց:
Կանաչ Քաղաք Մը` Պերլին
Մենք կը շարունակենք ամրան մեր «ճամբորդութիւնները» եւ այս շաբաթ, ընկերանալով 2014-ի ֆութպոլի ախոյեաններուն` պիտի այցելենք Գերմանիոյ մայրաքաղաքը` Պերլին:
Մայրաքաղաք Պերլին կը գտնուի Գերմանիոյ արեւելքը, Լեհաստանի սահմանէն 70 քմ հեռու: Պերլինի մէկ երրորդը ծածկուած է կանաչութեամբ: Մեծ հանրապարտէզներ, ինչպէս` Թիրկարթըն, կը գտնուին քաղաքին կեդրոնը, որուն մէջէն կ՛անցնի Սփրի գետը:
***
Երբ Գերմանիան կը կորսնցնէ Բ. Համաշխարհային պատերազմը 1945-ին, Պերլին գրեթէ ամբողջովին քանդուած էր ռմբակոծութիւններուն պատճառով: Չմոռնալու համար այս աւերածութիւնները` 1943-ին ռմբակոծուած Յիշատակի եկեղեցին ամբողջովին չէ վերանորոգուած պատերազմէն ետք:
***
1961-1989 Պերլին քաղաքը պատով մը երկուքի բաժնուած էր: Քաղաքին ամէն մէկ կէսը մաս կը կազմէր իրարու թշնամի երկիրներու, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Գերմանիա: 1989-ին 2 երկիրները կը վերամիանան եւ կը կազմեն Գերմանիան: Գծագրութիւններով եւ գրութիւններով ծածկուած այդ պատէն բաժիններ պահուած են:
***
2000 թուականին վերջացած Սոնի Սենթըրը Պերլինի ամէնէն նոր թաղամասերէն մէկն է: Տասը տարիէ ի վեր քաղաքը կը փոխակերպուի: Նոր թաղամասեր, թանգարաններ, թատերասրահներ, փառատօներ եւ այլն, Պերլին կը հրաւիրեն գերմանացի եւ օտար այցելուներ:
***
ԱՅՑԵԼԵՆՔ…
– Պրանտըպուրկի դուռը: Այս կամարը քաղաքին խորհրդանիշն է: Ժամանակին ան Պերլինի արեւմտեան դուռն է:
– Ռայխսթակը: 1933-ին հրկիզուած գերմանական խորհրդարանը վերանորոգուած է 1990-ական թուականներուն: Շատ արդի, ապակիէ գմբէթ մը աւելցուած է այս հին կառոյցին վրայ:
– Սիկըսոլը: Իր գագաթին ոսկիէ արձանով մը այս սիւնը կը գտնուի Թիրկարթընի հանրապարտէզին կեդրոնը:
– Ունտըր Տեն Լինտըն: Պրանտըպուրկի դուռէն սկիզբ առնող այս պողոտային երկու կողմերը կը գտնուին բազմաթիւ կոթողներ:
– Ժենտըրմենմարքըթ: Այս «ոստիկաններու շուկան» կը նկատուի քաղաքին ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկը: Ան շրջապատուած է 2 տաճարներով եւ հանդիսասրահով մը:
– Ֆերնսեթրոմը: Իր 368 մեթր բարձրութեամբ ան քաղաքին ամէնէն բարձր կառոյցն է: Անիկա կը ծառայէ պատկերասփիւռային եւ ձայնասփիւռային ալիքներու սփռումի համար:
– Թանգարաններու կղզին: Սփրի գետով շրջապատուած թանգարաններու կղզիին վրայ կը գտնուին բազմաթիւ թանգարաններ եւ Պերլինի տաճարը:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել այն խաղալիքը, որ զոյգ մը ունի

Կրնա՞ս գտնել խրախճանքի սեղանին հասցնող ճամբան:

