Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք հաստատել պիւտճէ մը արձակուրդի ամիսներուն կամ ձեր ճամբորդութիւնը հաւասարակշռելու նիւթական իմաստով: Պիտի օգտուիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դուք ձեր նկարագիրով մնացէք, առանց ուրիշին նմանելու փորձ մը ընելու: Ձեր բնական ինքնութիւնը աւելի տպաւորիչ է, քան ինչ որ կրնայ ընել կեղծիքը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր բնական կեցուածքով պիտի կարենաք գրաւել շատերուն ուշադրութիւնը: Պիտի ունենաք յաւելեալ յարգանք եւ վստահութիւն դէպի ձեր անձը: Նոյնը մնացէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տօնական հանդիպումի մը պիտի հրաւիրուիք: Առանց երկար բարակ մտածելու ներկայ եղէք, գոհ պիտի մնաք: Ամէն օր մեկուսանալը անօգուտ է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր աշխատանքի իմաստով պիտի չկարենաք ձեր ուզածը ընել, պիտի նեղուիք եւ դուք ձեզ պիտի չարչարէք անիմաստ կերպով: Այսքանն ալ հիւանդութիւն է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ արձակուրդով ճամբորդէք, հիանալի փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէք: Այս ալ ունի իր օգուտը ձեր ընդհանուր զարգացման համար: Ի՜նչ լաւ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ներկայիս շատ կանուխ է ձեր գործունէութեան հաշիւին գումարը կատարելու: Մի՛ աճապարէք, ամէն ինչին ժամանակը կու գայ ինքնաբերաբար: Մի մտահոգուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երբեմն կ՛ունենաք ոչ բնական տրամադրութիւն մը, ուրիշներուն հետ կը բաղդատէք դուք ձեզ: Այս մտածումը անբնական է, դուք աւելի բարձր էք միւսներէն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աչքերը փակեցէք անախորժ երեւոյթներու դիմաց, որպէսզի չտեսնէք եղածը եւ չարտայայտուիք: Ամուր պահեցէք ձեր խաղաղ ներաշխարհը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պատրաստ եղէք ապրելու ցանկալի սիրոյ պատմութիւն մը: Ամէն բան կը յայտնուի իր ժամանակին, առանց ձեր գիտակցութեան: Նախանձելի է օրը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան վէճ մը հաւանական է, որ կրնայ երկարիլ, բայց ջանացէք գտնել հաշտուելու ձեւ մը եւ անկարեւոր հարցը անուշի կապեցէք: Սիրալիր եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Որքան որ կրնաք օգնեցէք ձեր ընտանիքին կարիքներուն: Ձեր հաւատարմութիւնը գովելի է եւ գնահատելի ամէն տեսակէտով: Մի՛ արհամարհէք ոչ ոքի:

 

Share this Article
CATEGORIES